Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քոնկրեսական Լահուտ. «Յառաջիկայ Չորս Ամիսները Վճռորոշ Պիտի Ըլլան»

September 23, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի անդամ Տարըն Լահուտ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշեց, որ Լիբանան կանգնած է «դրական մեծ փոփոխութիւն կատարելու շրջադարձային եւ վճռական պահու առջեւ, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի Հըզպալլայի զինաթափման»:

«Զինաթափումը չի կրնար պարզապէս մարտավարական խուսանաւում մը ըլլալ, այլ անիկա լիբանանեան պետութեան գերիշխանութեան տարածման կարեւոր մէկ մաս է: Շրջանային դասաւորումներու զարգացումով, մասնաւորաբար Իրանի` Հըզպալլային աջակցութեան նահանջով, լիբանանեան կառավարութեան առջեւ իր գերիշխանութիւնը հաստատելու եւ բանակը ամրապնդելու առիթ մը կայ», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով ամերիկեան դիրքորոշման ժխտական կամ դրական զարգացման` Լահուտ յայտնեց. «Քննարկումները տարեվերջէն ետք աւելի յստակ պիտի ըլլան»` նշելով. «Ներկայիս կեդրոնացումը պէտք է ըլլայ լիբանանեան բանակին հարաւային Լիբանանի մէջ զինաթափման քայլերու հսկողութեան վրայ»: Ան ընդգծեց, որ Ուաշինկթըն մտադիր է ատոր իրագործման համար ճնշումը շարունակելու:

Քոնկրեսականը շեշտեց, որ ամերիկեան վարչակազմը կը շարունակէ աստիճանական զինաթափման գործելաոճին հետեւիլ` նշելով լիբանանեան բանակին ու Միացեալ Նահանգներու միջեւ պաշտպանական գործակցութեան համաձայնութեան կնքման կարելիութիւնը:

Ան, սակայն, շեշտեց, որ այդպիսի համաձայնութիւններու ուղղութեամբ յառաջընթացը նախ եւ առաջ կախեալ է անմիջական նպատակներու իրագործումէն:

«Յառաջիկայ չորս ամիսները վճռորոշ պիտի ըլլան, որովհետեւ շօշափելի քայլերը պիտի ճշդուին, ինչպէս` Հըզպալլայի զինաթափումը, զէնքերու գրաւումը եւ ամերիկեան-լիբանանեան զինուորական գործակցութեան ապագան», յայտնեց քոնկրեսականը:

«Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ վերջաւորութեան պիտի որոշէ Իսրայէլի եւ Սուրիոյ, ինչպէս նաեւ Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ յարաբերութիւնները բնականոնացնել, սակայն ատիկա տակաւին հեռու է», նշեց Լահուտ:

 

Նախորդը

Նախարար Պայրագտարեան Այցելեց Պուրճ Համուտ

Յաջորդը

«Եթէ Հըզպալլան Չզինաթափուի, Իսրայէլ Պիտի Ընդլայնէ Իր Գործունէութիւնը, Եւ Ցամաքային Գործողութեան Մը Կարելիութիւնը Բացառուած Չէ» Կ՛ըսէ Իսրայէլեան Աղբիւր Մը

RelatedPosts

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով  Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան

September 17, 2026
Պայրագտարեան Այցելեց Նախագահ Աունին
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Այցելեց Նախագահ Աունին

September 17, 2026
Աուն. «Մեր Նպատակը Զէնքի Մենաշնորհումն Է,  Սակայն Առանց Ներքին Բախումի, Եւ Իսրայէլի Հետ  Թշնամանքի Իրավիճակին Վերջ Տալու Ապահովական  Համաձայնութեան Կը Ձգտինք»
Լիբանանեան

Աուն. «Մեր Նպատակը Զէնքի Մենաշնորհումն Է, Սակայն Առանց Ներքին Բախումի, Եւ Իսրայէլի Հետ Թշնամանքի Իրավիճակին Վերջ Տալու Ապահովական Համաձայնութեան Կը Ձգտինք»

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.