Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Սեպտեմբեր 24, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին. «Ամերիկացի պատուիրակ Պարրաքի խօսքը կ՛արտացոլէ հակառակ կատարած զիջումներուն լիբանանեան պետութեան նկատմամբ ամերիկեան եւ իսրայէլեան ժխտական կեցուածք մը. այն կարծիքը կայ, թէ Լիբանանի իշխանութիւնները կը ստեն ու Հըզպալլայի զինաթափման վերաբերեալ իրենցմէ պահանջուածը չեն կատարեր»:

. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ հեղինակութիւն մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Լիբանանի վերաբերեալ ամերիկացի պատուիրակ Պարրաքի արտայայտած կեցուածքը, եթէ ոչ դիւանագիտական լեզու պիտի չօգտագործենք, առնուազն ո՛չ պատշաճ է եւ ո՛չ ալ պարկեշտ»:

. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Գոյութիւն ունի ամերիկեան «կանաչ լոյս» մը, որ Իսրայէլին կ՛արտօնէ Լիբանանի տարբեր շրջաններու դէմ զինուորական յարձակումներ շղթայազերծել` Հըզպալլայի կարողութիւններուն վերջ տալու եւ այդ կարողութիւնները վերականգնելու անոր փորձերը արգիլելու համար»:

. 95 օքթան պենզինին գինը բարձրացաւ 2000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 1.495.000 լ.ո.-ի, 98 օքթանինը` 1000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 1.534.000 լ.ո.-ի, մազութին գինը` 5000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 1.375.000 լ.ո.-ի, իսկ պիւթակազինը` 39000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 1.068.000 լ.ո.-ի:

. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւր մը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Սէուտցի պատուիրակ Եազիտ Պըն Ֆարհան իշխանին լիբանանեան կողմերուն հետ հաղորդակցութիւններն ու խորհրդակցութիւնները կու գան հաստատելու, որ վերաշինութիւնը սկսելու եւ խորհրդարանական ընտրութիւններու մթնոլորտը պատրաստելու համար զէնքի հարցի լուծման եւ բանակին աջակցութեան ջանքերը կը շարունակուին»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Սէուտցի պատուիրակ Եազիտ Պըն Ֆարհան իշխանը կրցաւ կարճ ժամանակի մէջ իր կշռոյթն ու պատկերացումը պարտադրել լիբանանեան բեմին եւ խաղի վերահսկողութիւնը իր ձեռքը պահել: Ան քաղաքականութեան մէջ Հըզպալլայի դէմ կանգնեցաւ եւ զայն դրաւ զէնքը յանձնելու հարցով նեղ կացութեան մէջ»:

. ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ հեղինակութիւն մը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Մեքանիզմի յանձնախումբին մէջ հնգեակի ներկայացուցիչներու քայլերը, որոնցմէ ոմանք յայտարարուած ու հրապարակային են, իսկ ուրիշներ` լուսարձակներէ հեռու, մեծ եռանդով կը կատարուին` լայն քննարկումներով երկարաշունչ ժողովներու ճամբով»:

. ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ աղբիւրներ «Անպա» Էլեքթրոնիա»-ին. «Զինադադարի հսկողութեան յանձնախումբին մէջ Լիբանանի պատուիրակը Օրթէյկըսին կոչ ուղղեց` վերջ տալու իսրայէլեան շարունակուող յարձակումներուն եւ Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնելու, որպէսզի հեռանայ իր բռնագրաւած կէտերէն»:

. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթ. «Աշխատանք կը տարուի Նիւ Եորքի ժողովներուն ծիրին մէջ Լիբանան-Ֆրանսա-Սէուտական Արաբիա-Քաթար հանդիպում կատարելու` քննարկելու համար լիբանանեան բանակին ու վերաշինութեան աջակցութեան հարցերը»:

. ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու Քոնկրեսի անդամ Տարըն Լահուտ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Որեւէ պետութիւն չի կրնար ազգային բանակէն անկախ գործող զինեալ խմբաւորումներու գոյութեան պայմաններուն մէջ բարգաւաճիլ, եւ բոլոր միլիսներու զինաթափումը չափազանց կարեւոր հարց մըն է, որ հարաւային Լիբանանէն Պեքա պէտք է երկարի»:

. ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթ. «Նախագահ Աուն չորեքշաբթի օր ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ընթացքին պիտի արտասանէ Լիբանանի խօսքը, որ արդէն պատրաստ է, եւ անոր ընդհանուր խորագիրները համահունչ են արաբական-իսլամական վեհաժողովին ընթացքին անոր արտասանած խօսքին»:

. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւր մը «Անպա» օրաթերթին. «Ամերիկացի պատուիրակ Մորկըս Օրթէյկըսի զինադադարի գործադրութեան հսկողութեան յանձնախումբին հետ հանդիպումը ցոյց կու տայ, թէ Ամերիկան կը ջանայ մարտի դաշտին վրայ բախումի կանոններ հաստատել եւ կանխարգիլել ապահովութեան խափանումը, այդպիսով կանխելով համապարփակ բախումի կամ հետագայ ներքին պառակտումներու վերածուիլը:

. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Իսկական մտավախութիւնը կը վերաբերի Իսրայէլի` Լիբանանի դէմ պատերազմի ընդլայնման ըլլայ այդ Կազա քաղաք որոշուած ներխուժումին զուգահեռ կամ անոր աւարտէն ետք»:

 

Նախորդը

Պալոն Տ՛Օր. Տեմպելէ Կը Շահի «Ոսկի Գնդակը»

Յաջորդը

Սալամ. «Կլիմայի Խնդիրը Երկրորդական Չէ, Այլ Առանցքային Եւ Խորքային Հարց Մը»

RelatedPosts

Մսայլեհի Վրայ Իսրայէլեան Բուռն Յարձակումներ
Գլխաւոր լուրեր

Մսայլեհի Վրայ Իսրայէլեան Բուռն Յարձակումներ

Հոկտեմբեր 13, 2025
«13 Հոկտեմբեր»-ի Նահատակներու Յիշատակի Ոգեկոչում` «Ֆորում Տը Պէյրութ»-ի Մէջ
Լիբանանեան

«13 Հոկտեմբեր»-ի Նահատակներու Յիշատակի Ոգեկոչում` «Ֆորում Տը Պէյրութ»-ի Մէջ

Հոկտեմբեր 13, 2025
Շէյխ Քապալան. «Լիբանանը Քաղաքական Աղէտի Մէջ Է,  Եւ Ազգային Փրկութիւնը Նախագահ Աունի Ձեռքն Է»
Լիբանանեան

Քապալան. «Հարաւային Լիբանանը Իր Ճակատագիրին Ձգուած Է»

Հոկտեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?