Իսրայէլեան ապահովական աղբիւր մը «Հատաս» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Հըզպալլան կը փորձէ ինքզինք վերականգնել, ինչ որ տեւական զգօնութիւն կը պահանջէ»:
«Պահանջուածը Հըզպալլայի ամբողջական զինաթափումն է, եւ միջին լուծումները ընդունելի չեն», նշած է աղբիւրը:
«Ան, որ Իսրայէլի դէմ զինուորական կարողութիւն կը կառուցէ, անձեռնմխելի չէ, ան գործիչ ըլլայ կամ բարձրաստիճան ղեկավար», ըսած է ան:
Իսրայէլեան ապահովական աղբիւրը սէուտական պատկերասփիւռի կայանին շեշտած է. «Անհրաժեշտութեան պարագային Լիբանանի մէջ ցամաքային աւելի լայնածաւալ գործողութիւն մը կատարելու կարելիութիւնը բացառուած չէ, եւ Լիբանանի համար որոշակի պայմանաժամներ չկան, սակայն Իսրայէլ երկար պիտի չսպասէ»:
«Եթէ Հըզպալլայի զինաթափումը չգործադրուի, Իսրայէլ Լիբանանի մէջ իր գործունէութիւնը պիտի ընդլայնէ», զգուշացուցած է աղբիւրը: