Հանգստեան Կոչուած Զինուորականներու Բողոքի Ցոյց
Հանգստեան կոչուած զինուորականները երէկ կէսօրէ առաջ բողոքի ցոյց կատարելով Պէյրութի մէջ հրավառ անիւներով փակեցին Ռինկի կամուրջն ու Սայֆիի ճամբան, իսկ հիւսիսային Լիբանանի մէջ մասնակի կերպով փակեցին Փալմայի ճամբան: Առ ի զօրակցութիւն ցոյցերուն միացաւ պետական պաշտօնեաներու ընկերակցութիւնը: Փակ ճամբաներու պատճառով ելեւմուտքի խորհրդարանական յանձնախումբի եւ տեղեկատուութեան հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նիստերը յետաձգուեցան: Ցոյցին մասնակիցները կառավարութեան կիրարկած տնտեսական ու ելեւմտական քաղաքականութիւնները քննադատող բացագանչութիւններ արձակեցին:...




















