Արդարադատութեան նախարար Ատել Նասսար Լիբանանի մէջ Պուլկարիոյ դեսպան Եասեն Թոմովի հետ քննարկեց ռուսական «Ռոսուս» նաւու պուլկարական իշխանութիւններուն կողմէ 5 սեպտեմբերին Սոֆիայի միջազգային օդակայանին մէջ ձերբակալուած սեփականատէր Իկոր Կրեչոշքինի արտայանձնման վերաբերեալ արդարադատական ու դիւանագիտական քայլերը:
Կրեչոշքին Պուլկարիոյ մէջ ձերբակալուած է լիբանանեան արդարադատական իշխանութիւններուն դիմումով` անոր եւ «Ռոսուս»-ի նաւապետի ձերբակալման Ինթերփոլէն հրապարակուած կարմիր հրամանագիրին հիմամբ:
Նասսար գնահատեց այս առումով Պուլկարիոյ կատարած գործակցութեան ու համակարգումի քայլերուն:
Համաձայնութիւն գոյացաւ տեւական կապի մէջ մնալու` հետեւելու համար կալանաւորուածը կարելի եղածին չափ շուտ արտայանձնելու քայլերուն:
Նշենք, որ Լիբանանի եւ Պուլկարիոյ հանրապետութիւններուն միջեւ կալանաւորուածներու արտայանձնման համաձայնագիր գոյութիւն ունի: