Ժաաֆարականներու միւֆթի շէյխ Ահմետ Քապալան յայտարարեց. «Իշխանութեան գլխուն կանգնածը պարզապէս աւատապետ մըն է. անոր միակ մտահոգութիւնը դրամի խաղն ու Ուաշինկթընի եւ Թել Աւիւի թելադրանքները կատարելն է»:
«Այսօր երկիրը չունի քաղաքական, զարգացման կամ օգնութեան գործառոյթ, չունի արտաքին գործոց նախարարութիւն, չունի արդարադատութեան քաղաքականութիւն, արտադրողականութեան մասին օրէնք, մասնագիտական, առողջապահական կամ ընկերային երաշխիքներ, եւ ան, որ իշխանութեան գլխուն կանգնած է, պարզապէս աւատապետ մըն է, որուն միակ մտահոգութիւնը դրամի խաղն ու Ուաշինկթընի, Թել Աւիւի եւ Եւրոպական Միութեան Լիբանանի գոյութեան ջիղը հարուածելու թելադրանքները կատարելն է` նախապատրաստելով անոր լիակատար յանձնումը, իսկ լուծումը ժողովրդային լայնածաւալ բողոքին մէջ է` պատասխանատուութեան ենթարկելու այս խումբը, որ կը սպառնայ Լիբանանի գոյութեան», նշեց միւֆթին:


