Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքի նախագահ Թէյմուր Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ երկխօսութիւնը «տկարութիւն չէ, այլ` անհրաժեշտութիւն»:
«Անհրաժեշտ է ծայրայեղականութեան ու պառակտման դէմ կառչիլ չափաւորականութեան եւ մերժել Լիբանանը նոր պատերազմի մէջ ներքաշելը», շեշտեց երեսփոխանը:
«Կուսակցութիւնը (Ընկերվար յառաջդիմականը, «Ա.») զօրակցեցաւ Իսրայէլի հետ բանակցութիւններուն, սակայն շեշտեց, որ անհրաժեշտ է, որ այդ բանակցութիւնները յանգին շօշափելի արդիւնքներու` թշնամական արարքներու դադրեցման, լիբանանեան հողերէն Իսրայէլի հեռացման եւ Լիբանանի գերիշխանութեան յարգման», նշեց ան:
Ժոմպլաթ մերժեց Լիբանանի ներքաշումը «նոր պատերազմի մէջ, ըլլայ Իրանի կողմէ կամ որեւէ ներքին ուժի մը կողմէ»:
«Պատերազմի մերժումը որեւէ բաղադրիչ մասի դէմ չէ ուղղուած, այլ ազգային պատասխանատուութեան արտայայտութիւն է», ըսաւ երեսփոխանը:
«Պատերազմի եւ խաղաղութեան որոշումը պէտք է պետութեան ձեռքը ըլլայ, եւ զէնքը բացառապէս անոր իշխանութեան տակ պէտք է ըլլայ», շեշտեց Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքի նախագահը:
«Կայունութիւնը կը պահանջէ արդարութեան կիրարկում եւ քաղաքացիներուն ու անոնց պետութեան միջեւ վստահութեան վերականգնում», նշեց Ժոմպլաթ:


