. ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ ընդունեց Ռուսիոյ նախկին վարչապետ Սերկէյ Սթեփաշինն ու անոր ընկերակցող ռուսական ուղղափառ եկեղեցիէն պատուիրակութիւն մը:
-Պետական աղբիւր մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Նեթանիահուն ու Այզենքոթը նոյն մետալին երկու երեսներն են, եւ ինչպէս կը թուի, Նեթանիահուի իշխանութեան վերադառնալու առիթները աւելի մեծ են` ընտրապայքարին մէջ իր յառաջատար դիրքին պատճառով: Լիբանանի համար Նեթանիահուի մտադրութիւնները յստակ են, իսկ Այզենքոթը կրնայ աւելի ծայրայեղական ըլլալ»:
. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Իրավիճակը շատ բարդ է, եւ կարելի չէ որեւէ բեկում նախատեսել, եթէ ամերիկեան ռազմավարութիւնը չփոխուի եւ Իսրայէլի վրայ ճնշում չբանեցնէ, որպէսզի բանակցութիւններուն նկատմամբ լուրջ վերաբերմունք ցուցաբերէ: Մինչեւ հիմա Թրամփի վարչակազմը նախանձախնդիր է հոլովոյթին ձեւական գոյութիւնը պահպանելու, առանց որ աշխատանք տանի բովանդակալից յառաջընթաց արձանագրելու»:
. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթ. «Բանակցութիւններուն մասնակից լիբանանեան պատուիրակութիւնը հանրապետութեան նախագահին յայտնեց, որ ներկայացուցած է իսրայէլեան յարձակումները դադրեցնելու եւ փորձնական շրջաններու կացութիւնը բարելաւելու վերաբերեալ լիբանանեան պահանջները, սակայն իսրայէլեան կողմը որեւէ դրական ընկալում չէ ցուցաբերած»:
. «ԼԻՈՒԱ» օրաթերթ. «Արեւմտեան ծառայութիւններ աշխատանք կը տանին հետեւելու Հըզպալլայի կողմէ հարաւային Լիբանանէն մինչեւ Հարաւային արուարձաններ երկարող շարք մը շրջաններու մէջ տեղահանուածներու պատսպարման համար ելեւմտական գումարներու մասին լուրերու տարածման մասին որդեգրուած մեքանիզմներուն»:
. ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութենէն աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Արդարադատութեան նախարարը պահանջուած առաջին քայլը որդեգրեց` Տահր Պայտարի պայթուցիկներու գործը Արդարադատութեան խորհուրդին փոխանցելու առաջարկը ներկայացնելով, եւ անոր պատրաստած զեկուցումը այդ ուղղութեան համահունչ է եւ այս թղթածրարին առչնուած իրաւական քայլերուն մէջ Լիբանանեան ուժեր ու Փաղանգաւոր կուսակցութիւններուն միջեւ լիարժէք համակարգումի գոյութիւնը ցոյց կու տայ»:
. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Ուժանիւթի նախարարին պետական վարչութիւններու եւ հաստատութիւններու ելեկտրականութեան մատակարարումը դադրեցնելու համար պարտքերուն վրայ հիմնուելու որոշումը պետութիւնը կը դնէ իր գերատեսչութիւններու եւ հանրային կառոյցներու շահագործման կարողութեան առջեւ` բացառիկ հանգամանքներու մէջ, որոնց գինը կը վճարեն քաղաքացիները»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ուղղուածութիւնը մագլցողական պիտի ըլլայ, եւ յաջորդ քայլին անցում պիտի կատարուի, առանց մինչեւ հիմա անոր բնոյթը ճշդելու: Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը կանգ պիտի չառնէ որեւէ քայլի առջեւ, որ իրողական արդիւնքի չի յանգեցներ: Մագլցողական քայլերը նշաձող պիտի չունենան, եթէ ընդառաջում չըլլայ»:
. «ՆԱՀԱՐ» օրաթերթ. «Լիբանանեան կառավարական ականաւոր աղբիւրներ կը յայտնեն, որ միաժամանակ շարք մը հետաքննութիւններ կը կատարուին խիստ զգայուն հարցերու շուրջ, ինչպիսին է դեղորայքի գործի հետաքննութիւնը, եւ մանրամասն արդիւնքները շուտով պիտի հրապարակուին»:
. 95 եւ 98 օքթան պենզինի գիները նուազեցան 40000 լ.ո.-ով եւ յաջորդաբար հասան 2.611.000 լ.ո.-ի եւ 2.629.000 լ.ո.-ի, մազութին գինը բարձրացաւ 32000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 2.608.000 լ.ո.-ի, իսկ պիւթակազին գինը մնաց անփոփոխ` 1.545.000 լ.ո.:


