Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ յայտնեց. «Կառավարութիւնը սկսաւ պաղեստինեան ղեկավարութեան հետ գործակցիլ` կարգաւորելու համար պաղեստինեան զէնքի հարցը»:
Ան շեշտեց, որ գաղթականները «ենթակայ են լիբանանեան գերիշխանութեան եւ օրէնքներուն»:
Վարչապետը այս մասին յայտնեց Լիբանանեան-պաղեստինեան երկխօսութեան յանձնախումբին կազմակերպած, իր հովանաւորութեամբ «Լիբանանի մէջ պաղեստինեան գաղթակայաններու կառավարման ազգային ծրագիր»-ին շուրջ խորհրդակցութեան հոլովոյթի մեկնարկի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ:
Սալամ վերահաստատեց, որ Լիբանան կառչած կը մնայ պաղեստինցի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին:
«Լիբանանի մէջ պաղեստինցի գաղթականներու կացութեան կարգաւորումը նոր մօտեցման կը կարօտի», շեշտեց վարչապետը:
Սալամ յոյս յայտնեց, որ խորհրդակցութիւնները «յանգեցնեն գործնական արդիւնքներու, որոնք պաղեստինցիներուն եւ լիբանանեան պետութեան կը ծառայեն»:


