. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Մաարիւ» օրաթերթ. «Իսրայէլեան ծովուժը կը պատրաստուի Լիբանանի խորքին ու Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն դէմ նախապատրաստական բուռն ռմբակոծման գործողութիւններու»:
. «ԱՍԱՍ». «Հըզպալլան կը պատրաստուի յառաջիկայ փուլին: Սակայն պատրաստութիւնը չի սահմանափակուիր հարաւային Լիբանանի ճակատով եւ չ՛անջատուիր երկու հաւանական ուղիներէ` շրջանային պատերազմ մը, որ Թեհրանէն կը սկսի եւ դէպի Պէյրութ կ՛երկարի, կամ բանակցութիւններ, որոնց Իրանը կը մասնակցի եւ որոնց Պէյրութը ներկայ կ՛ըլլայ»:
. ԱՂԲԻՒՐ մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Խամենէիի խօսքերը նաեւ կը դիտուին իբրեւ Իրանի կողմէ իր զինեալ թեւերուն ուղղուած ուղերձ` նոր հակամարտութեան պարագային նախաձեռնութիւն ցուցաբերելու եւ իրեն աջակցելու համար` զգուշացնելով Հըզպալլայի կողմէ Լիբանանը մարտերու նոր փուլի ներքաշելու հետեւանքներու մասին»:
. ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ աղբիւր մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Լիբանանը խորապէս յոյս ունի, որ Միացեալ Նահանգներու ընտրութիւնները, անկախ յաղթողէն, նոր կարելիութիւն պիտի ընձեռեն Միացեալ Նահանգներուն գործօն դեր խաղալու Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ուղիղ բանակցութիւններուն մէջ, ամրապնդելու Շրջագծային համաձայնագիրը եւ ստիպելու Իսրայէլին դադրեցնելու Լիբանանի վրայ յարձակումները եւ կատարելու իր պարտաւորութիւնները»:
. ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ աղբիւր մը «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին. «Իսրայէլի հետ բանակցութիւնները տակաւին կանգնած են այն կողմին մօտ, որմէ կը պահանջուի փորձնական շրջաններու զէնքերէ ազատ ըլլալը ստուգել: Գոյութիւն ունին երկու ընտրանքներ, որոնց առաջինը Լիբանան կը մերժէ: Այդ ընտրանքի առաքելութիւնը ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու վստահիլն է»:
. ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ մօտիկ աղբիւրներ «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Կուսակցութիւնը վերջերս սկսած է յառաջ մղել գաղափարը Միացեալ Նահանգներ-Իրան յարաբերութիւններու կարգաւորման, որուն ուրուագիծերը կրնան շուտով ի յայտ գալ, ինչ որ հաւանաբար հիմք հանդիսանայ բանակցութիւններու վերսկսման: Ուաշինկթընը, սակայն, բաւարար ճնշում չէ գործադրած Իսրայէլի վրայ` Շրջագծային համաձայնագիրի շուրջ ստեղծուած փակուղին վերացնելու համար, իսկ Նեթանիահուն որեւէ զիջում չէ կատարած»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Յարձակումները դադրեցնելու համար Ուաշինկթընի` Նեթանիահուի վրայ ճնշում բանեցնելու նախագահ Աունի խնդրանքին չարձագանգելը Հըզպալլային հիմնական նիւթ տուաւ կառավարութեան եւ անոր վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հասցէին խօսելու, ինչպէս հիմա կը կատարէ»:
. «ԱՍԱՍ»-Ի տեղեկութեան համաձայն, «Հըզպալլան իշխանութեան յղած է յստակ պատգամներ, թէ իր դէմ յաւելեալ քայլեր պիտի չընդունի, եւ այդ պատգամները կը ներառեն պայթուցիկ նիւթերու թղթածրարի Արդարադատութեան խորհուրդին փոխանցման մերժումը եւ առանց նախապէս կիրարկուած համակարգման մեքանիզմներու գործադրման խուզարկումներու մերժումը»:
. «ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթ. «Նախագահ Աունը վերջերս իր եւ Հըզպալլայի միջեւ ոչ լիարժէք երկխօսութեան եւ Հըզպալլայի Իրանի, Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի միջեւ որեւէ նոր ճակատումի մէջ չներքաշուելու պնդումներուն նկատմամբ զգուշաւոր մօտեցում կը ցուցաբերէ»:
. ՎԱՐՉԱՊԵՏԱՐԱՆԻ աղբիւրները «Տիար» օրաթերթին. «Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետ ժողովները կը շարունակուին, եւ աշխատանք կը տարուի լուծումներ գտնելու, խնդիրները լուծելու եւ ելեկտրականութեան հարցը լուծելու, սակայն այս ամէնը ժամանակ կը պահանջէ, եւ անոնց նկատմամբ պէտք չէ ամբոխավարական մօտեցում ցուցաբերել»:
. ԸՍՏ «Լեպանոն Ֆայլզ»-ի, «լուրեր կը շրջին, թէ պետական ոլորտի առնչակից կողմերը սկսած են պատրաստուիլ լայնածաւալ բողոքի շարժման, որ պիտի գերազանցէ աւանդական գործադուլները` փորձելով միաւորել աշխատաւորական միութիւններու կապերը եւ ներգրաւել վնասուած ընկերային խումբերը` քայլով մը, որ նպատակ ունի անգործութեան ժամանակահատուածէ մը ետք վերակենդանացնել փողոցը»:
. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ». «Մարտ 14-ի աւանդական ուժերէն չեղող քաղաքական անձնաւորութիւն մը ապահովական արտակարգ քայլեր որդեգրեց` ոչ աւանդական միջոցներով ահաբեկման փորձի ենթարկուելու հաւանականութեան վերաբերեալ լուրջ զգուշացումներ ստանալէն ետք»:
. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ»-Ի համաձայն, «Լիբանանեան ուժեր եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւններու երեսփոխաններու դիրքորոշումները կը բացայայտեն յստակ տարակարծութիւններ եւ երկու հակասական դիրքորոշումներ. Լիբանանեան ուժերը կողմ են Հըզպալլայի զինաթափման, մինչդեռ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը կողմ է անոր զսպման: Ասիկա կը բացատրէ Ուալիտ Ժոմպլաթի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան միջեւ գրեթէ վէճի հասնող զրոյցը»:
. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ». «Ըստ ռազմավարական վերլուծաբաններու, Իրանը տակաւին կարող է եւ կը շարունակէ իր թեւերը ֆինանսաւորել, որուն փաստը Սէուտական Արաբիոյ վրայ հուսիներու յարձակումներն ու Հըզպալլայի իր զինանոցը վերականգնելն է, ինչ որ կը նշանակէ, թէ Իրանի նկատմամբ Թրամփի քաղաքականութիւնը զայն սպասուած կերպով չէ տկարացուցած»:
. «ՄՈՒՏՈՒՆ»-Ի տեղեկութեան համաձայն, «Նախկին վարչապետները վարչապետ Սալամի կողքին բացակայեցան Իսլամական գերագոյն խորհուրդի նիստէն, որուն Պէյրութէն ներկայ էր միայն դատաւոր շէյխ Մոհամետ Ասսաֆը, իսկ պէյրութցի մնացեալ անդամները բացակայեցան»:
. ԸՍՏ «Մուտուն»-ի տեղեկութեան, «Ռմէյշի բնակիչները պապական նուիրակի այցելութեան ընթացքին վերստին կոչ ուղղեցին` նշանակելու պապական նուիրակ մը, որ կը հետեւի այդ գիւղերու կացութեան եւ անոնց գոյատեւման հարցը կը դնէ Վատիկանի հոգատարութեան եւ անմիջական ուշադրութեան տակ:
«Տակաւին պատասխան մը չստացուեցաւ, եւ դեսպանը կը շարունակէ շրջան իր աշխուժ այցելութիւնները` հակառակ ճամբու երկարութեան եւ ժամկէտներուն ու իսրայէլեան կողմին պարտադրած պայմաններուն առնչուած տեղափոխութեան դժուարութեան»:


