Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը յառաջ կը շարժի իր «Լիբանանի մէջ 2026-2030 թուականներու ազգային երիտասարդական ռազմավարութեան մշակում» նախագիծով` համագործակցելով ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի եւ ՄԱԿ-ի բնակչութեան հիմնադրամին հետ:
Ատոր հասնելու համար նախարարութիւնը սկսած էր «խորհրդակցութիւններու» շարքի մը 2026 թուականի փետրուարին մեկնարկած «Ազգային ուղի»-ի ծիրին մէջ, նախքան զայն ժամանակաւորապէս դադրեցնելը ապահովական կացութեան պատճառով:
Այժմ աշխատանքը վերստին սկսած է, եւ շուրջ 300 երիտասարդներ ու երիտասարդուհիներ հիւսիսային Լիբանանի համալսարաններէն, համայնքային կեդրոններէ, երիտասարդական միութիւններէն, հասարակական կազմակերպութիւններէն ու մասնագիտական հաստատութիւններէն, հաւաքուեցան Թրիփոլիի Լիբանանեան համալսարանին մէջ` նոր խորհրդակցական հանդիպումի մը համար:
Հանդիպումին, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ նմանատիպ հանդիպումներուն նպատակը այն է, որ «ռազմավարութիւն»-ը արտացոլացնէ Լիբանանի երիտասարդներու եւ երիտասարդուհիներու իրականութիւնն ու ձգտումները` ստեղծելով տարածք, ուր անոնք կրնան արտայայտել իրենց կարծիքը, սահմանել իրենց առաջնահերթութիւնները եւ առաջարկել լուծումներ շարք մը ոլորտներու մէջ, որոնք կ՛ազդեն անոնց կեանքին եւ ապագային վրայ, ներառեալ կրթութիւնը, հմտութիւնները, զբաղուածութիւնը, ձեռներէցութիւնը, առողջութիւնը եւ բարեկեցութիւնը, սեռերու եւ վերարտադրողական իրաւունքները, թուային ճարտարագիտութիւններու եւ արհեստական բանականութեան պատասխանատու օգտագործումը, շրջակայ միջավայրի կայունութիւնը, գործօն քաղաքացիութիւնը, խաղաղութիւնը եւ ընկերային համախմբուածութիւնը:
Այս խորհրդակցութիւններէն բխող առաջնահերթութիւններն ու առաջարկները պիտի նպաստեն 2026-2030 թուականներու Ազգային երիտասարդական ռազմավարութեան աւարտին` երիտասարդներու եւ երիտասարդուհիներու շարունակական ներգրաւուածութեամբ յաջորդ փուլերուն մէջ` ապահովելու համար, որ անոնց ներդրումը արտացոլայ որոշակի քայլերու մէջ, եւ որ անոնց մասնակցութիւնը մնայ ռազմավարութեան իրականացման եւ յառաջընթացի հսկողութեան էական մասը:


