ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցով բարձր յանձնակատարութիւնը յայտարարեց, թէ Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ եւ Աֆղանիստանի մէջ ինը միլիոն անձեր յառաջիկայ ձմրան ցուրտի դիմակայման համար յաւելեալ օգնութեան պիտի կարօտին:
Յանձնակատարութիւնը նուիրատուութիւններու կոչը հրապարակելու ընթացքին յոյս յայտնեց, որ առնուազն 50 միլիոն տոլար կը ստանայ` ձմրան կարիքաւորներուն աջակցելու համար, ինչ որ շուրջ երեք միլիոն տոլարով աւելի է, քան անցեալ տարի հաւաքուած գումարը:
Յանձնակատարութեան արտաքին յարաբերութիւններու տնօրէն Տոմինիք Հայտ ըսած է. «Աղբիւրները քիչ են, իսկ ծախսերը արագօրէն կ՛աճին, այնպիսի ժամանակաշրջանի մը ընթացքին, երբ ձմեռը հիւսիսային կիսագունդին կը մօտենայ»:
ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցով բարձր յանձնակատարութիւնը նշեց, որ բոլոր չորս երկիրներուն մէջ ալ ձմրան կարիքները հսկայական են, որովհետեւ միլիոնաւոր մարդիկ կը պայքարին ուժանիւթի եւ սննդամթերքի գիներու աճի, ինչպէս նաեւ ջեռուցման եւ պատրաստման համար անհրաժեշտ վառելանիւթի պակասին դէմ:


