Պասիլ. «Կառավարութեան Նիստին Պիտի Մասնակցինք, Պայմանով Որ Նշանակումները Ըլլան Օրակարգի Առաջին Կէտը»
Ժըպրան Պասիլ Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ Իրանի հիւլէական թղթածրարին շուրջ Իրանի եւ վեցեակին միջեւ գոյացած համաձայնութիւնը փոփոխութեան պիտի ենթարկէ շրջանին եւ աշխարհին տարազները` աւելցնելով, որ ներկայ հանգրուանին Պէյրութի եւ Թեհրանի միջեւ յարաբերութիւնները, յատկապէս տնտեսական մարզին մէջ արձանագրուած գործակցութիւնը բաւական բարեբեր կը նկատուի: «Լիբանանեան-իրանեան յարաբերութիւնները ամրապնդուած են: Թեհրան մնայուն կերպով օժանդակած...



















