Երէկ` երկուշաբթի, 12 հոկտեմբերին, հովանաւորութեամբ զբօսաշրջութեան նախարարութեան եւ կազմակերպութեամբ «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանին, «Լիբանանի գեղեցկութեան թագուհի»-ի ընտրութեան հանդիսութեան մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ «Քազինօ տիւ Լիպան»-ի մէջ, Լիբանանի գեղեցկութեան թագուհի ընտրուեցաւ Վալերի Ապու Շաքրա:
Առաջին անգամ ըլլալով, Լիբանանի գեղեցկուհին կ՛ունենայ երկու առաջին փոխանորդ` անոր ետին երկրորդ հանդիսացած երկու գեղեցկուհիներու նիշերուն հաւասարութեան պատճառով: