Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շաբաթավերջին Կարգ Մը Ցուցարարներ Ազատ Արձակուեցան, Իսկ Ուրիշներու Դէմ Ամբաստանագիրներ Արձակուեցան

October 12, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քաղաքացիական շարժումի անդամներ շաբաթ կէսօրէ ետք ժամը 1:30-ին հաւաքուեցան Ռամլեթ Պայտայի ոստիկանատան դիմաց` պահանջելու համար ձերբակալուած ցուցարարներուն ազատ արձակումը:

Շուրջ ժամ մը ետք Ռամլեթ Պայտայի ոստիկանատունէն երկու, իսկ Հպէյշ ոստիկանատունէն մէկ հոգի ազատ արձակուեցան:

Իսկ աւելի ուշ Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Սաքըր Սաքըր 8 հոկտեմբերի ցոյցին մասնակցած եւ ձերբակալուած 11 ցուցարարներ, ինչպէս նաեւ 19 փախուստ տուած ցուցարարներ ամբաստանեց խռովարարութիւն կատարելու, ապահովութեան ուժերը քարկոծելու եւ հանրային կառոյցները քանդելու յանցանքով եւ անոնց թղթածրարները փոխանցեց Զինուորական ատեանի աւագ քննիչ դատախազին:

Պէտք է աւելցնել, որ շաբաթ երեկոյեան ժամը 7:00-ին քաղաքացիական շարժումը բողոքի ցոյց մը կատարեց ընդհանուր դատախազ Սամիր Համմուտի բնակարանին դիմաց` պահանջելով ազատ արձակել 7 հոկտեմբերի ցոյցին մասնակցող ցուցարարները:

Իսկ երէկ կէսօրէ ետք ժամը 1:30-ին արգելափակեալ ցուցարարներուն ընտանիքները ուղղուեցաւ Ռամլեթ Պայտայի ոստիկանատուն, ուր անոնք կատարեցին բողոքի ցոյց մը:

Երկու ժամ ետք անոնք որոշեցին փոխադրուիլ Հըլու ոստիկանատուն, ուր քաղաքացիական շարժումին հետեւորդներուն հետ շարունակեցին իրենց նստացոյցը:

Դերգնդապետ Մսալլեմի Մամլոյ Ասուլիսը

Դերգնդապետ Ժոզեֆ Մսալլեմ
Դերգնդապետ Ժոզեֆ Մսալլեմ

Միւս կողմէ, շաբաթավերջին ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր յարաբերութեան պետ դերգնդապետ Ժոզեֆ Մսալլեմ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին շեշտեց, որ խօսքի ազատութիւնը սահմանադրական սուրբ իրաւունք է եւ լիբանանեան սահմանադրութեան 13-րդ յօդուածը այդ իրաւունքը սահմանած է քաղաքացիներուն:

Մսալլեմ աւելցուց, որ իւրաքանչիւր ցոյցի պարագային ապահովութեան ուժերը տեղեակ պահելը անհրաժեշտ է, իսկ ցոյցը կազմակերպողները իրենց հագուածքով պէտք է զատորոշուին ցուցարարներէն, որպէսզի ապահովութեան ուժերը անոնց հետ գործակցին` պահպանելու համար ցուցարարներուն ապահովութիւնը:

Մսալլեմ հաստատեց, որ իւրաքանչիւր ցոյց, որուն մասին կանխաւ տեղեակ չեն պահուած ապահովութեան ուժերը, կը նկատուի ապօրինի հաւաք, «եւ այս հանգրուանին կատարուած բոլոր ցոյցերը ապօրինի են», ընդգծեց ան:

Մսալլեմ դիտել տուաւ, որ իրենք քաղաքացիական շարժումին դէմ չեն, սակայն ստիպուած են միջամտելու, երբ օրէնքը շրջանցուի: «Իսկ երբ ապահովութեան ուժերը անցարգելներ կը զետեղեն եւ որոշ միջոցառումներ կ՛որդեգրեն ճամբաները փակելու, ցուցարարները եւ քաղաքացիները պէտք չէ շրջանցեն զանոնք, որպէսզի խախտումներ չարձանագրուին», ընդգծեց ան:

Ան նշեց, որ իրենց պարտականութիւնն է օրէնքի սահմաններուն մէջ ընդհանուր ազատութիւնները պահպանել: «Մենք օրէնքի հիման վրայ ճշդուած ժողովրդավարութեան պահակներն ենք, եւ մեր պարտականութիւնն է պահպանել պետական կառոյցները եւ պաշտպանել անհատները», ըսաւ ան:

Մսալլեմ հաստատեց, որ ոչ ոք, ոչ մէկ ցուցարար իրաւունք ունի ապահովութեան ուժերուն վնաս հասցնելու, զանոնք քարկոծելու եւ կամ վարկաբեկելու` շեշտելով, որ վերջին ցոյցին ընթացքին ապահովութեան ուժերուն շարքերուն մէջ արձանագրուած վիրաւորներուն թիւը աւելի մեծ էր, քան քաղաքացիներունը:

 

Նախորդը

Էլիաս Սքաֆ Ոչ Եւս Է

Յաջորդը

Բանակը Ռմբակոծեց Ահաբեկիչներուն Դիրքերը` Պատճառելով Մարդկային Եւ Նիւթական Վնասներ

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.