Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Սալամ Նախագահեց Աղբի Տագնապին Յատուկ Նիստի Մը

Հոկտեմբեր 13, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

salam_seraille_10-12-15

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ երեկոյեան վարչապետարանին մէջ նախագահեց աղբի տագնապին վերաբերող հարցերու քննարկման յատուկ նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպ եւ ներքին գործոց նախարար  Նուհատ Մաշնուք, ինչպէս նաեւ Վերաշինութեան եւ բարգաւաճման խորհուրդի նախագահ Նեպիլ Ժսըր:

Հանդիպումէն ետք Շեհայէպ շեշտեց, որ աղբի տագնապին լուծում մը գտնելու առումով խորհրդակցութիւնները ընթացքի մէջ են` աւելցնելով, որ այդ տագնապին լուծումը պիտի չուշանայ երեք պատճառով. աղբի քանակը, կլիման եւ տագնապը լուծելու իմաստով անշեղ կեցուածքները:

Աղբի տագնապին լուծման հեռանկարներուն քննարկումը կը շարունակուի այսօր երեկոյեան ժամը 6:00-ին, վարչապետարանին մէջ:

Վարչապետ Սալամ ընդունեց Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահ, դատաւոր Ժան Ֆահըտը եւ ընդհանուր դատախազ Սամիր Համմուտը, որոնց հետ քննարկեց դատական իշխանութիւններուն վերաբերող շարք մը հարցեր:

Վարչապետ Սալամ հրապարակեց շրջաբերական մը, որուն համաձայն, Իսլամական նոր տարուան առիթով, պետական հաստատութիւններն ու քաղաքապետարանները փակ պիտի մնան չորեքշաբթի, 14 հոկտեմբեր 2015-ին:

Միւս կողմէ, վարչապետ Սալամի մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ ինք կառավարութիւնը աղբի լուծման յատուկ նիստի մը պիտի չհրաւիրէ, որովհետեւ այդ իմաստով քաղաքական հովանաւորութիւնը պակասաւոր է:

«Նախարարաց խորհուրդին մաս կազմող քաղաքական բոլոր ուժերը պէտք է մեզի հետ գործակցին եւ ջանքեր ի գործ դնեն: Հեռաւոր զօրակցութիւնները անբաւարար են. անոնք պէտք է գործակցին եւ դիւրութիւններ տրամադրեն, որպէսզի կարելի ըլլայ երկրին աղբի հարցը լուծել», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով կառավարութեան մնացեալ աշխատանքներուն եւ անոր գործունէութեան երկխօսութեան նիստերուն արդիւնքներէն կախեալ ըլլալուն, վարչապետ Սալամ յայտնեց, որ եթէ նախարարաց խորհուրդը շարունակէ իր սառած ընթացքը, ապա ինք ստիպուած պիտի ըլլայ հաստատելու, որ անոր գոյութեան կարիք չկայ:

Վարչապետ Սալամ նշեց, որ եթէ ներկայ քաղաքական լարուածութիւնը շարունակուի, ապա Լիբանանը վտանգի պիտի մատնուի եւ պիտի չկարենայ երկրին հարցերուն լուծումներ ապահովել ու նախագահական ընտրութիւն կատարել:

Քաղաքացիական շարժումին անդրադառնալով` վարչապետ Սալամ յայտնեց, որ այդ շարժումը ինքնիրեն կը վնասէ` քանդումի եւ խուլիկանութեան ոճին դիմելով:

Նշենք, որ վարչապետ Սալամ ցաւակցական հեռագիրներ յղեց Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին եւ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլուին` դատապարտելով շաբաթավերջին Անգարան հարուածած պայթումները:

 

Նախորդը

7 Հոկտեմբերի Ցոյցին Ձերբակալուած Ցուցարարներէն Ոմանք Ազատ Արձակուեցան

Յաջորդը

Պըրրի Պաշտօնական Այցելութեամբ Մը Ուղղուեցաւ Ռումանիա

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Նախապէս Ամերիկայի Միջնորդութեամբ Իսրայէլի Հետ Բանակցած Է, Ուստի Ի՞նչը Կ՛արգիլէ, Որ Այդ Փորձը Կրկնենք»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Նախապէս Ամերիկայի Միջնորդութեամբ Իսրայէլի Հետ Բանակցած Է, Ուստի Ի՞նչը Կ՛արգիլէ, Որ Այդ Փորձը Կրկնենք»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Թրամփ. «Կը Զօրակցինք Լիբանանի Նախագահին` Հըզպալլան Զինաթափելու Եւ Բարգաւաճ Պետութիւն Կառուցելու Անոր Առաքելութեան Մէջ»
Լիբանանեան

Թրամփ. «Կը Զօրակցինք Լիբանանի Նախագահին` Հըզպալլան Զինաթափելու Եւ Բարգաւաճ Պետութիւն Կառուցելու Անոր Առաքելութեան Մէջ»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ըստ «Շարք Աուսաթ»-ին.  Ուաշինկթըն Մերժեց Հըզպալլայի Ռազմավարական Զէնքերը Իրաքի Մէջ «Երաշխաւոր» Կողմի Մը Փոխանցելու Առաջարկ Մը
Լիբանանեան

Ըստ «Շարք Աուսաթ»-ին. Ուաշինկթըն Մերժեց Հըզպալլայի Ռազմավարական Զէնքերը Իրաքի Մէջ «Երաշխաւոր» Կողմի Մը Փոխանցելու Առաջարկ Մը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?