ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը, որ հանդիպումէն ետք մեկնեցաւ առանց յայտարարութեան:
Նշենք, որ շաբաթավերջին Պասիլ պիտի մեկնի Թեհրան` ընդառաջելով պաշտօնական հրաւէրի մը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Չաղաթայ Էրճիյեսը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Նշենք, որ «Նահար» օրաթերթը գրած էր, թէ զօր. Քահուաժի ընդվզած է բանակին հարցերուն քաղաքական միջամտութիւններէն եւ սպաներուն վրայ անոնց ունեցած ազդեցութիւններէն:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրի Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն իմացուցած է, որ ինք մօտիկ ապագային պիտի վերադառնայ Պէյրութ:
ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Զաայթեր շեշտեց, որ իրենք միասնականութեամբ պէտք է դիմադրեն վտանգներուն եւ երկրին սպառնացող մարտահրաւէրներուն, յատկապէս ահաբեկչութեան:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի, հանդիպում մը ունենալէ ետք ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի հետ շեշտեց, որ քաղաքացիական շարժումը վերածուած է խուլիկաններու խմբակի մը, որ բռնարարքներ կը գործէ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատարութիւնը յայտնեց, որ նախանցեալ երեկոյեան իսրայէլացի զինուոր մը խախտած է սահմանային Կապոյտ գիծը եւ Սարտէ-Մերժահիուն շրջանէն մուտք գործած լիբանանեան հողեր, ապա վերադարձած դէպի բռնագրաւեալ հողեր:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ առանց հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան Լիբանանի մէջ քաղաքական ոչ մէկ լուծում կարելի է ապահովել: Ան նշեց, որ իրենք կը զօրակցին կառավարութեան այն գործելաոճին, որ սահմանադրական է:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ ազգային երկխօսութեան նիստին իրենց մասնակցութիւնը պոյքոթի պիտի ենթարկեն, եթէ կառավարութիւնը շարունակէ պահել իր սառած ընթացքը:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի յայտնեց, որ երկրին քաղաքական բեմը յուզող տագնապը պիտի շարունակուի, եթէ ուղղակի ժողովուրդին հանրաքուէով հանրապետութեան նախագահ չընտրուի:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ուալիտ Խուրի յայտնեց, որ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի կեցուածքը աւելի կը կարծրանայ, որովհետեւ կառավարական գործունէութեան առումով իրենց նկատմամբ ոչ մէկ գործակցութիւն կը ցուցաբերուի:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն համաձայն, Լիբանանի մէջ տիրող տագնապին լուծումը մօտիկ ապագային պիտի ապահովուի: Ըստ նոյն աղբիւրին, Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը 5 ամսուան ժամկէտ նախատեսած են այդ իմաստով եւ կը յուսան, որ 2016-ի գարնան երկրին մէջ ամէն բան դրական ընթանայ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ասեմ Արաժի շեշտեց, որ երկխօսութիւնը լաւագոյն միջոցն է` Լիբանանը զանց կացուցելու տիրող շրջանային լարուածութենէն:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ կոչ ուղղեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի` իմացնելու Հըզպալլայի յարաբերականի պատասխանատու Ուաֆիք Սաֆային, թէ ինք համաձայն է Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունը ընտրելու հանրապետութեան նախագահ: Ան ըսաւ, որ այդ պարագային կարելի պիտի ըլլայ նախագահական ընտրութիւն կատարել:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Խրէյս շեշտեց, որ ազգային երկխօսութիւնը Լիբանանը փրկելու լաւագոյն լուծումն է` աւելցնելով, որ ապահովութեան ուժերուն դէմ յարձակումը մերժելի է:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա կոչ ուղղեց գործադրելու երկրին սահմանադրութիւնը եւ վերջ տալու պետական հաստատութիւններուն մէջ տիրող պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու հոլովոյթին:
ՆԱԽԱՊԷՍ Խորհրդային Միութեան հետ լաւ յարաբերութիւններ ունեցող լիբանանեան կուսակցութիւն մը, որ կը միտէր Պէյրութի ռուսական դեսպանատան դիմաց ցոյց կատարել` բողոքելու համար Սուրիոյ մէջ ռուսական զինուորական միջամտութեան դէմ, զգուշացում ստացած է դեսպանատունէն եւ անոր հիման վրայ ջնջած իր բողոքի ցոյցը:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ուալիտ Սըքքարիէ շեշտեց, որ իրենք պիտի շարունակեն պայքարիլ շրջանին բաժանումը ծրագրող ամերիկեան դաւադրութեան դէմ:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուք շեշտեց, որ Հըզպալլա պիտի չարտօնէ, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն լուսանցքայնանայ: Ան նշեց, որ այս հարցը լուծելու համար հրաշքներու կարիքը չկայ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամին Ուեհպէ շեշտեց, որ բանակայիններու պաշտօնը բարձրացնելու առումով Մուսթաքպալ հոսանքը կը մնայ իր ճկուն կեցուածքին վրայ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա շեշտեց, որ գոյութիւն ունի մութ սենեակ մը, ուր զօր. Միշել Աունի դէմ դաւադրութիւններ կը նիւթուին: