Աշխատանքի նախարար Սըժաան Քազզի նախարարութեան կեդրոնին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալիի հետ:
Հանդիպումէն ետք Ֆաթհալի շեշտեց, որ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան թղթածրարը լիբանանեան ներքին հարց է, որուն հետ Իրան ոչ մէկ կերպով առնչուած է:
Ան յոյս յայտնեց, որ լիբանանցիները կարենան հանրապետութեան հզօր նախագահ մը ընտրել եւ պահպանել երկրին ապահովական կայունութիւնը:
Իր կարգին, Քազզի յոյս յայտնեց, որ շրջանային լարուածութիւնը փարատի եւ Սուրիոյ պատերազմը աւարտի, որովհետեւ Սուրիոյ ապահովական կայունութիւնը կը նպաստէ Լիբանանի ապահովական կայունութեան պահպանումին:
Քազզի ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Մոհամետ Պատրէտտին Զայէտը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները բարելաւելու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի կառավարութեան աշխատանքները աշխուժացնելու եւ նախագահական ընտրութիւն կատարելու կարեւորութիւնը: