Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քայլարշաւ «Ընդդէմ Հիւանդութեան»` Սատ Պաուշրիէէն Մինչեւ Պէյրութի Գետ

Նոյեմբեր 2, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

7irak-sha3bi_110115

Կազմակերպութեամբ քաղաքացիական շարժումի զանազան թեւերուն, երէկ կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին տեղի ունեցաւ քայլարշաւ մը, որ սկսաւ Սատ Պաուշրիէէն եւ անցնելով Պուրճ Համուտէն հասաւ մինչեւ Պէյրութի գետ:

«Ընդդէմ հիւանդութեան» անունը կրող այս քայլարշաւին նպատակն էր բողոքել տակաւին Լիբանանը ողողած աղբերուն երեւոյթին դէմ եւ կառավարութենէն պահանջել այս հարցին անյապաղ լուծումը:

Քայլարշաւէն ետք, աղբանոցի վերածուած Պէյրութի գետին մօտ կարդացուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ իրենք քալած են անձրեւէն ողողուած ջուրերուն վրայ ծփացող ճամբաներէն, այլ խօսքով` աղբի գետերէն, որոնց պատճառը իշխանութիւններուն փտածութիւնն է, անոնց համայնքային մտածելակերպը, որ քաղաքացիական պատերազմէն ի վեր կը սպաննէ զիրենք:

Քաղաքացիական շարժումը մերժեց տիրող այս կացութիւնը` շեշտելով, որ երկիրը եւ քաղաքացին հիւանդութիւններու դէմ յանդիման կը գտնուին, եւ աղբերուն տագնապը պէտք է անմիջապէս լուծել:

Քաղաքացիական շարժումի գործիչները հաստատեցին, որ իրենք պիտի շարունակեն խաղաղ ճնշում բանեցնել իւրաքանչիւր նախարարութեան եւ խորհուրդի վրայ, մինչեւ որ կառավարութիւնը կենսոլորտի պահպանման չափանիշները յարգելով աղբի տագնապին լուծում մը ապահովէ` հաշուետուութեան կանչելով «Սուքլին» ընկերութիւնը:

Քաղաքացիական ընկերութիւնը պահանջեց նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւն կատարել` լիբանանցի ժողովուրդին բոլոր շերտերուն ներկայացուցչութիւնը ապահովող ընտրական օրէնքի մը ընդմէջէն:

 

Նախորդը

Մանամայի Մէջ. Մաշնուք Հանդիպում Մը Կ՛ունենայ Պահրէյնի Արտաքին Գործոց Նախարարին Հետ

Յաջորդը

Աղբի Տագնապին Լուծման Նպատակով Խորհրդակցութիւնները Ընթացքի Մէջ Են, Սակայն Տակաւին Այդ Առումով Կառավարութիւնը Նիստի Մը Չէ Հրաւիրուած

RelatedPosts

Նախագահ Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան Եւ Պարգեւատրուեցաւ «Հաւատքի Խաչ»-ով
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան Եւ Պարգեւատրուեցաւ «Հաւատքի Խաչ»-ով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Լիբանանի Հետ Սահմանին Վրայ Իսրայէլեան Բանակի Հնգօրեայ  Լայնածաւալ Ռազմափորձեր
Լիբանանեան

Լիբանանի Հետ Սահմանին Վրայ Իսրայէլեան Բանակի Հնգօրեայ Լայնածաւալ Ռազմափորձեր

Հոկտեմբեր 20, 2025
Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Բանակին Աջակցելու Եւ Գործադրելու Թիւ 1701 Եւ 1559 Որոշումները
Լիբանանեան

Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Բանակին Աջակցելու Եւ Գործադրելու Թիւ 1701 Եւ 1559 Որոշումները

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?