ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս շեշտեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած տագնապը առանձին կարելի չէ լուծել, այլ` շրջանային ամբողջական լուծման մը շրջագիծին մէջ:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Միշել Մուսա շեշտեց, որ ներկայ պայմանները կ՛ենթադրեն ժամանակաւոր լուծումներ` աւելցնելով, որ իւրաքանչիւր շրջան պէտք է իր աղբերու հարցին լուծումը ստանձնէ:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին յայտնեցին, որ Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը բաղկացնող բոլոր տարրերը կը փափաքին վաւերացնել 1800 միլիառ լ. ոսկիի համազօր աշխատավարձի յաւելումը` առանց զայն որեւէ փոփոխութեան ենթարկելու:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն շեշտեց, որ իրենք պատրաստ են մասնակցելու աղբի տագնապին լուծման վերաբերող կառավարութեան նիստին:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ասեմ Արաժի յայտնեց, որ վարչապետ Թամմամ Սալամ պիտի չհրաժարի իր պաշտօնէն` աւելցնելով, որ կառավարութեան ներկայ կացութիւնը համազօր է ընթացիկ աշխատանքներ վարող կառավարութեան վիճակին:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ֆայսալ Քարամէ ընդունեց Լիբանանի մէջ Աւստրալիոյ դեսպան Կլեն Մայլզը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները` շեշտելով, որ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը փաստ մըն է անոր մէջ ապահովական կառոյցներուն ունեցած հսկայ դերակատարութեան:
«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթին համաձայն, կը նախատեսուի, որ կառավարութիւնը մօտիկ ապագային գումարէ նիստ մը` քննարկելու համար աղբի թղթածրարին լուծման վերաբերող զարգացումները:
ԺԱՄԱԱ Իսլամիէի երեսփոխան Իմատ Հութ շեշտեց, որ վարչապետ Թամմամ Սալամի հրաժարականը երկրին դիմագրաւած ներկայ տագնապին լուծումը չի նկատուիր:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Ահմետ Ասիրի հետեւորդները զինուորական վարժութիւններու ենթարկող Շահին Սլէյման երբեք Այն Հելուէ գաղթակայան մուտք չէ գործած:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐ ազատականներու նախագահ Թրէյսի Շամուն յայտնեց, որ ինք նախագահական ընտրութեան իր թեկնածութիւնը պիտի առաջադրէ:
ՂՈՎՄԻ կուսակցութեան նախկին նախագահ Ժըպրան Արայժի շեշտեց, որ քաղաքական ներկայ դասակարգը ամէն իմաստով լուրջ տագնապի մէջ է:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ժամիլ Սէյիտ շեշտեց, որ ամսաթոշակները չվճարելու պարագային լիբանանեան բանակը իր հակակշիռին տակ պէտք է առնէ Կեդրոնական դրամատունը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Քարամ շեշտեց, որ աղբի տագնապին իմաստով իրենք պիտի ուղղուին դէպի վարչական ապակեդրոնացեալ դրութիւն:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Քամել Ռիֆայի կառավարութեան հրաժարականը նկատեց անտեղի:
ՄԱՐՏ 8-ի քաղաքական ուժերուն համաձայն, Հըզպալլա կրցած է ըմբռնել ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի կեցուածքը` նկատի ունենալով անոր վրայ բանեցուած ճնշումները:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Թամմամ Սալամ չի կրնար վարչապետարանը լքել` անոր վրայ բանեցուող շրջանային եւ միջազգային ճնշումներուն պատճառով:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Խրէյս շեշտեց, որ պետական հաստատութիւնները պէտք է ծառայեն լիբանանցի քաղաքացիին, որպէսզի կարելի ըլլայ երաշխաւորել լիբանանցիներուն անվտանգութիւնը:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկատուական գրասենեակի պատասխանատու Ռամի Ռայէս յոյս յայտնեց, որ աղբի տագնապը շուտով լուծուի` աւելցնելով, որ երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպի ծրագիրը այլընտրանք չունի:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Հապըր յոյս յայտնեց, որ աղբի տագնապը 48 ժամէն կարելի ըլլայ լուծել:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ ինք տակաւին նախագահական ընտրութեան թեկնածու է:
ՊԷՅՐՈՒԹԻ միջազգային օդակայանի մաքսատունը բացայայտած է 250 քկ «Քեփթակոն» դեղահատի մաքսանենգումի գործողութիւն մը:
ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ յայտնեց, որ աղբի հարցին լուծումը ամբողջ Լիբանանի համար պէտք է ըլլայ ամբողջական:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Խրէյս յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երկխօսութեան կոչ ուղղած է` Լիբանանը սադրանքի վտանգներէն զերծ պահելու համար:
ԼԵՌՆԱԼԻԲԱՆԱՆԻ միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ալի Ժուզու յայտնեց, որ արտաքին քաղաքական ուժերու հակակշիռին տակ գտնուող Քաղաքացիական շարժումը կը քանդէ Պէյրութը: