Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աղբի Տագնապին Լուծման Նպատակով Խորհրդակցութիւնները Ընթացքի Մէջ Են, Սակայն Տակաւին Այդ Առումով Կառավարութիւնը Նիստի Մը Չէ Հրաւիրուած

November 2, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Զօր. Քահուաժի եւ Սալամ
Զօր. Քահուաժի եւ Սալամ

Վարչապետ Թամմամ Սալամ շաբաթավերջին շարունակեց քննարկել աղբի տագնապին լուծման կարելիութիւնները:

Այդ քննարկումներուն շրջագիծին մէջ տեղի ունեցան շարք մը հանդիպումներ, որոնցմէ կարելի չեղաւ արդիւնքներու յանգիլ եւ կամ կառավարութեան նիստ մը գումարելու իմաստով վերջնական որոշում մը տալ:

Վարչապետ Սալամ երէկ իր բնակարանին մէջ նախագահեց հանդիպումի մը, որուն ներկայ գտնուեցան երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպ եւ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկումները շարունակուեցան աղբի տագնապին լուծման մանրամասնութիւններուն գծով:

Այս առումով երէկ նախարար Ալի Հասան Խալիլ եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի օգնական Հիւսէյն Խալիլ ուղղուեցան Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլանի բնակարանը:

Խալտէի մէջ անոնք Արսլանի հետ քննարկեցին Շուէյֆաթի ծովեզերեայ շրջանին մէջ աղբանոցի մը ստեղծման կարելիութիւնները:

Երէկ երեկոյեան Արսլան Շուէյֆաթի քաղաքապետարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ շրջանի բնակիչներուն ներկայացուցիչներուն հետ: Հանդիպումէն ետք Արսլան յայտնեց, որ Շուէյֆաթի ծովեզերեայ շրջանին մէջ աղբանոցի մը ստեղծման առումով երեքշաբթի կէսօրէ ետք վերջնական որոշում պիտի տրուի շրջանին բնակիչներուն կողմէ:

Նշենք, որ վարչապետարանին մէջ շաբաթ օր տեղի ունեցաւ հանդիպում մը` Սալամի եւ նախարարներ Շեհայէպի եւ Հասան Խալիլի միջեւ:

Հանդիպումէն ետք Շեհայէպ յայտնած էր, որ աղբի տագնապին լուծման ջանքերը կը շարունակուին, եւ հաւանական նկատած էր, որ կառավարութիւնը այս շաբթուան ընթացքին նիստի մը հրաւիրուի:

Միւս կողմէ, վարչապետ Սալամի այցելեց նաեւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի, որ շեշտեց, թէ բանակայինները ընդվզած են իրենց ամսաթոշակներուն իմաստով արձանագրուած յապաղումին առումով` աւելցնելով, որ բանակայիններէն ոմանք Ատհայի տօնէն ի վեր ամսաթոշակ չեն ստացած: «Այս իրավիճակը խիստ մերժելի է, եւ մենք լուռ պիտի չմնանք», ըսաւ ան:

Բանակի հրամանատարը աւելցուց, որ վարչապետ Սալամ խոստացած է իրեն այս շաբաթասկիզբին լուծել բանակայիններուն ամսաթոշակներուն հարցը:

Զօր. Քահուաժի նոյն նպատակով այցելած էր նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի:

Անհրաժեշտ է աւելցնել, որ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ երէկ այս մասին ընկերային ցանցին ընդմէջէն կատարած էր յայտարարութիւն մը, թէ նախարարութիւնը զինուորականներուն ամսաթոշակները ապահոված է եւ այդ գումարներուն վճարումը կառավարութեան որոշումէն կախեալ չէ:

 

Նախորդը

Քայլարշաւ «Ընդդէմ Հիւանդութեան»` Սատ Պաուշրիէէն Մինչեւ Պէյրութի Գետ

Յաջորդը

Հարաւային Ամերիկան Դրական Ակնարկներ Կը Կատարէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ճանաչման Կապակցութեամբ

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.