Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 3, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութիւնը երէկ իր ընթացիկ նիստին աւարտին շեշտեց, որ կուսակցութիւնը պիտի շարունակէ երկխօսութեան նիստին իր մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկել եւ այդ կեցուածքին իբրեւ արդիւնք այսօրուան երկխօսութեան նիստին պիտի չմասնակցի:

«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, կը նախատեսուի, որ կառավարութիւնը վաղը` չորեքշաբթի, 4 նոյեմբերին գումարէ իր նիստը:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ռիատ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերէն, կը գրէ, թէ վարչապետ Թամմամ Սալամի հրաժարականը անհաւանական է:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայեատ շեշտեց, որ 2006-ի յուլիսեան պատերազմին ընթացքին Դիմադրութիւնը ձախողեցուցած է Նոր Միջին Արեւելքի ծրագիրին գործադրութիւնը:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Թամմամ Սալամ կառավարութեան նիստի հրաւէրը պատրաստած է, սակայն ան տակաւին չէ հրաւիրած կառավարութիւնը Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլանի պատճառով:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր շեշտեց, որ աղբանոցին տեղը Պէյրութի հարաւային արուարձաններէն դէպի Շուէյֆաթ փոխադրելու հաւանականութիւնը պատճառ դարձած է կառավարութեան նիստը յետաձգելու:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ երեկոյեան Քլեմանսոյի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Չաղաթայ Էրճիյեսը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի նախագահ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտին յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիա ատակ չէ շրջանի երկիրներուն ապագային մասին խօսելու:

ԱՅՆ ԹԻՆԷԻ մօտիկ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին յայտնեցին, որ երկրին պայմանները չեն արտօներ, որ ընտրական նոր օրէնք մը մշակուի:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ Նեպիլ Քաուք յայտնեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը Սուրիոյ տագնապին առաջին միջամտողներէն եղած է:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սըժաան Քազզի յայտնեց, որ քաղաքացիական շարժումին մաս կազմող կարգ մը կողմեր կը խոչընդոտեն աղբի ծրագիրին գործադրութիւնը:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ կոչ ուղղեց վաւերացնելու ընտրական այնպիսի օրէնք մը, որ արդար ներկայացուցչութիւն ապահովէ բոլորին:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ պետութիւնը հասած է այն հանգրուանին, որ կրնայ ամբողջութեամբ քանդուիլ` պատասխանատուներուն քարացած սրտերուն պատճառով:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր շեշտեց օրէնսդրական նիստ մը գումարելու անհրաժեշտութիւնը:

ՆԱԽԿԻՆ նախագահ Միշել Սլէյման յայտնեց, որ հանրապետութեան յաջորդ նախագահը պէտք է նմանի երկրին սահմանադրութեան:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի յայտնեց, որ Իրանի ծրագիրին հետ գործակցող կողմերը հանրապետութեան նախագահութեան առումով ոչ մէկ տեղ կրնան գրաւել:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա շեշտեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի վճռակամ է օրէնսդրական նիստ մը գումարելու առումով, եւ քաղաքական ուժերը այդ նիստը գումարելու մթնոլորտին մէջ կը գտնուին:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի յայտնեց, որ իրենք կը փափաքին ունենալ հանրապետութեան նախագահ մը, որ անկախ որոշումի տէր է եւ հայրենասէր` աւելցնելով, որ այս յատկանիշներուն առաւելագոյն չափով մօտ է Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունը:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ Արքուպի, Մազարեհ Շեպաայի եւ Հասպայայի վերեւ թռիչքներ եւ կեղծ յարձակումներ գործեց:

ԻԹԹԻՀԱՏ կուսակցութեան ղեկավար, նախկին նախարար Ապտել Ռահիմ Մրատ կոչ ուղղեց Լիբանանի մէջ ընտրական օրէնքը փոփոխութեան ենթարկելու, որպէսզի կարելի ըլլայ լուծել լիբանանցիները տառապեցնող հարցերը:

 

Նախորդը

«Ընտրութիւններուն Արդիւնքը Ընդդիմադիր Բոլոր Կուսակցութեանց Եւ Անոնց Ղեկավարներուն Յղուած Պատգամ Մըն Է» Ըսաւ Էրտողան

Յաջորդը

Պըրրի Ընդունեց Քաակը

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.