Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բանակայիններու Ամսաթոշակներուն Հարցը Լուծուած Է

November 3, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

yarze_110215

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ առաւօտեան վարչապետարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելի հետ, որուն հետ քննարկեց բանակայիններուն ամսաթոշակներուն թղթածրարը:

Հանդիպումէն ետք Մուքպել յայտնեց, որ բանակայիններուն ամսաթոշակներուն հարցը այսօր իսկ պիտի լուծուի` աւելցնելով, որ բանակը երկրին ապահովութեան երաշխիքն է:

Մուքպել յայտնեց, որ աշխարհի վրայ չկայ երկիր մը, ուր նման մակարդակի հարցեր տեղեկատուութեան մարզին լուսարձակներուն տակ կը զետեղուին:

Մուքպել խստիւ մերժեց ազգային գերագոյն այս հարցերուն մասին տեղեկատուութիւն տարածելը` շեշտելով, որ բանակայինները այսօր իսկ պիտի ստանան իրենց ամսաթոշակները:

Ան յոյս յայտնեց, որ քաղաքական անձնաւորութիւնները բանակին հարցերուն միջամուխ չդառնան:

Վարչապետ Սալամի այցելեց նաեւ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ, որ յայտնեց, թէ աղբի տագնապը պէտք է լուծել յառաջիկայ 48 ժամերուն ընթացքին, «այլապէս պիտի ստիպուինք որոշումներ տալ, եւ իւրաքանչիւր կողմ պէտք է կրէ իր պատասխանատուութիւնը», ըսաւ ան:

Հարպ յայտնեց, որ վարչապետ Սալամ կը պժգայ տիրող մթնոլորտէն, յատկապէս աղբի տագնապին լուծման առումով ցուցաբերուած կեցուածքներէն: «Մենք` իբրեւ կառավարութիւն, պատասխանատու ենք ժողովուրդին, պայմանով որ լիբանանեան քաղաքական ուժերը պատասխանատուութեամբ վարուին», շեշտեց Հարպ:

Ան ըսաւ նաեւ, որ վարչապետ Սալամ անձամբ պիտի լուծէ բանակայիններու ամսաթոշակին հարցը` դիտել տալով, որ մեծագոյն մեղքը կարգ մը քաղաքական անձնաւորութիւններուն կողմէ բանակայիններուն` արժանապատուութեամբ ապրելու առիթները արգելակելու քայլն է:

Հարպ շեշտեց, որ միջազգային մթնոլորտը այսօր բաւական հեռու է Լիբանանէն եւ անիկա կը վերաբերի միայն լիբանանցիներուն:

Եարզէի Մէջ

Վարչապետ Սալամի հետ հանդիպումէն ետք Մուքպել` ընկերակցութեամբ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի, ուղղուեցաւ Եարզէ, ուր անոնք հանդիպում մը ունեցան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ:

Հանդիպումէն ետք Խալիլ շեշտեց, որ բանակայիններուն ամսաթոշակները ապահովուած են` աւելցնելով, որ իրենք օրինական արտակարգ հոլովոյթով մը կրցած են լուծել այդ հարցը` վճարելու համար զինուորներուն ամսաթոշակները:

Հասան Խալիլ շեշտեց, որ կառավարութիւնը պէտք է իր պատասխանատուութիւնները ստանձնէ` ընդգծելով, որ իրենք յանձնառու են օրէնքին գործադրութեան եւ սահմանադրութեան պահպանումին:

Իր կարգին, բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը` յոյս յայտնելով, որ այսուհետեւ նման յապաղում չարձանագրուի:

 

 

Նախորդը

Բանակին Եւ Թմրեցուցիչի Մաքսանենգներուն Միջեւ Բախումները Կը Պատճառեն Զոհեր

Յաջորդը

«Պուրճ Համուտի Մէջ Աղբ Թափելը Քննելի Նիւթ Չէ, Իսկ Միշել Մըրի Առաջարկը Ապագայի Ծրագիր Մըն Է, Որ Պէտք Է Ուսումնասիրել» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.