
Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Քրիսթինա Լասընը, որուն այցելութիւնը ունէր արարողակարգային բնոյթ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ջուրի, ելեկտրականութեան, քարիւղի եւ բնական կազի մարզերուն վերաբերող Եւրոպական Միութեան ֆինանսաւորած ծրագիրները, ինչպէս նաեւ փոխադարձ գործակցութեան հեռանկարները:


