Երէկ կէսօրին շրջանառութեան մէջ մտան այնպիսի յայտարարութիւններ, որոնց համաձայն, Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ կը գտնուի Փարիզ, ուր հանդիպում մը պիտի ունենայ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ:
Այդ յայտարարութիւններէն ժամ մը ետք Ֆրենժիէ յայտնեց, որ ինք անձնական այցելութեամբ մը երէկ գիշեր հասած է Փարիզ` աւելցնելով, որ Ֆրանսա իր այցելութիւնը քաղաքական հանդիպումներու օրակարգով չէ:
Աւելի ուշ Մարատա հոսանքի տեղեկատուական գրասենեակը իր կարգին հաստատեց այդ լուրը` շեշտելով, որ Ֆրենժիէի Փարիզ այցելութիւնը ընկերային բնոյթ ունի:
Իր կարգին, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի Ռիատէն Փարիզ մեկնումի պահուն շեշտեց, որ ինք տեղեակ չէ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի հետ իր կատարելիք հանդիպումին մասին:
Ընթերցողին կը մնայ մեկնաբանել…


