Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 20, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ հովուապետական այցելութեամբ մը ուղղուեցաւ Մեքսիքա, որմէ ետք պիտի ուղղուի Գերմանիա:

ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Աքրամ Շեհայէպ շեշտեց, որ կառավարութիւնը նուազուրդ պիտի չկատարէ Լիբանանէն աղբ ներածելու առաջարկ ներկայացուցած ընկերութիւններուն համար, որովհետեւ անիկա ժամանակի կը կարօտի:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի աղբը երկրէն դուրս ղրկելու շրջագիծին մէջ հիմնական երկու կամ երեք լուրջ առաջարկ պիտի ներկայացուի:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, աղբի տագնապին լուծումը կարելի պիտի ըլլայ ապահովել չորեքշաբթի, 25 նոյեմբեր 2015-ին: Նոյն օրաթերթին համաձայն, կը նախատեսուի, որ բրիտանական ընկերութիւն մը Լիբանանի աղբերը փոխադրէ ափրիկեան երկիր մը:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան յարաբերական հարցերու պատասխանատու Պասսամ Հաշեմ յայտնեց, որ Հըզպալլա պիտի չարտօնէ, որ Ազգային ազատ հոսանքի հաշուոյն համաձայնութիւն մը գոյանայ:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն,  Հըզպալլա եւ ապահովական կառոյցներ արտակարգ վիճակ մը կ՛ապրին, սակայն այդ մասին ոչինչ կը յայտարարեն:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը պիտի չվաւերացնէ խորհրդարանին որոշած օրէնքները:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով քաղաքական աղբիւրներէ, կը հաստատէ, որ ընտրական օրէնքի մը մասին համաձայնութիւնը գրեթէ անկարելի է:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն յոյս յայտնեց, որ ընտրական օրէնքի յատուկ յանձնախումբը կարենայ վաւերացնել ընտրական նոր օրէնքը, որուն խիստ կարիքը կայ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Համատէ շեշտեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի առաջադրած նախաձեռնութիւնը պակասաւոր է` աւելցնելով, որ հանրապետութեան նախագահը պէտք է համախոհական ըլլայ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ տակաւին շատ կանուխ է դրական կերպով խօսելու ընտրական օրէնքի յանձնախումբին մասին:

«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթին համաձայն, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ բազմաթիւ հաղորդակցութիւններ կատարած է Վիեննայի խորհրդաժողովին ընթացքին` արծարծելու համար սուրիացի գաղթականներուն հարցը եւ անոնց տունդարձի կարելիութիւնները:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Ռապիէէն, կը գրէ, թէ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն կառչած կը մնայ քրիստոնեայ հզօր նախագահ մը Պաապտա հասցնելու ընտրանքին:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի շեշտեց, որ Սուրիոյ հաւատադրժողական խմբաւորումներուն դէմ իրենց մղած պատերազմը նուազեցուցած է ահաբեկչական գործողութիւններու զոհերուն թիւը:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի շեշտեց, որ համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքը պարտադիր լուծում է` համայնքներուն միջեւ ժողովրդավարութեան պահպանումին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր շեշտեց, որ Թրիփոլին կարելի չէ դասել իբրեւ ահաբեկչութիւնը հիւրընկալող շրջան: Ան աւելցուց նաեւ, որ Լիբանանի բոլոր տագնապներուն լուծումը կարելի է յաջողցնել նախագահական ընտրութեամբ:

 

Նախորդը

«Յունաստանը Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան Հարցին Մէջ Պիտի Աջակցի Թուրքիոյ» Յայտարարած Է Ցիփրաս

Յաջորդը

Մուքպել Ընդունեց Զօր. Փորթոլանոն

RelatedPosts

Այցելելով Հարաւային Լիբանան.  Սալամ. «Պետութեան Գերիշխանութիւնը Նաեւ Պատասխանատուութիւն Է Ժողովուրդին Ու Անոր Խնդիրներուն Նկատմամբ»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Հարաւային Լիբանան. Սալամ. «Պետութեան Գերիշխանութիւնը Նաեւ Պատասխանատուութիւն Է Ժողովուրդին Ու Անոր Խնդիրներուն Նկատմամբ»

February 9, 2026
«Դատապարտեալները Լիբանանէն Տեղափոխելու Համաձայնութիւնը Արդիւնք Է Երկու Երկիրներուն Միջեւ Յարաբերութիւններու Հասունացումը Արտացոլացնող Գործընկերութեան»  Կ՛ըսէ Սուրիոյ Արդարադատութեան Նախարարը
Լիբանանեան

«Դատապարտեալները Լիբանանէն Տեղափոխելու Համաձայնութիւնը Արդիւնք Է Երկու Երկիրներուն Միջեւ Յարաբերութիւններու Հասունացումը Արտացոլացնող Գործընկերութեան» Կ՛ըսէ Սուրիոյ Արդարադատութեան Նախարարը

February 9, 2026
Պասիլ. «Մեր Պայքարը Գոյութեան Եւ Լիբանանեան Որոշումին Պաշտպանութեան Համար Է»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Մեր Պայքարը Գոյութեան Եւ Լիբանանեան Որոշումին Պաշտպանութեան Համար Է»

February 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.