Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զօր. Քահուաժիի Օրուան Հրահանգը

November 21, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

kahwaji22_112015Լիբանանի անկախութեան 72-ամեակին առիթով, բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի բանակին տուաւ «Օրուան հրահանգը», որուն մէջ ան շեշտեց, որ ահաբեկչութեան դէմ բանակին պայքարը պիտի շարունակուի առանց ընկրկումի` յատկապէս նկատի ունենալով այն, որ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը հարուածելու եւ քաղաքացիները սարսափեցնելու իմաստով ահաբեկչական արարքները բազմացած են եւ սկսած են սպառնալ համաշխարհային անվտանգութեան:

Զօր. Քահուաժի ընդգծեց, որ ահաբեկչական այս արարքները նման են այն վայրագ, բայց միաժամանակ երկչոտ գործողութեան, որ անցեալ շաբաթ հարուածած էր Պէյրութի հարաւային արուարձանները: «Ձեր զգաստութեան, պատրաստ վիճակին եւ հզօր ուժով ահաբեկչական խմբաւորումներուն դիմադրութեան, ինչպէս նաեւ լիբանանցիներուն կողմէ բանակին նկատամամբ ցուցաբերուած բացարձակ զօրակցութեան եւ վայրագութիւնն ու բռնարարքները մերժելու քաղաքացիներուն ամրակուռ կեցուածքին դիմաց ահաբեկչութեան բոլոր փորձերը պիտի ձախողին», հաստատեց ան:

Զօր. Քահուաժի կոչ ուղղեց` պատրաստ մնալու հարաւային Լիբանանի սահմաններուն վրայ` դիմադրելու համար թշնամի Իսրայէլին, կառչած մնալու ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին, հսկելու երկրին հիւսիսային սահմանները, հակակշռելու ներքին ապահովական կայունութիւնը, երկաթեայ բազուկով հարուածելու ահաբեկչութիւնն ու անոր քանդիչ բջիջները եւ պահպանելու երկրին քաղաքացիական անվտանգութիւնը:

Բանակի հրամանատարը ընդգծեց, որ ինք կատարեալ վստահութիւն ունի բանակին, որ ոչ մէկ ճիգ պիտի խնայէ պետական հաստատութիւնները պաշտպանելու իմաստով: «Բանակը կրնայ ապահովել նախատեսուած սահմանադրական եւ ազգային հոլովոյթին մաս կազմող բոլոր զարգացումներուն անվտանգութիւնը: Հակառակ նախագահական թափուր աթոռի դրութեան եւ երկրին դիմագրաւած քաղաքական, տնտեսական ու ընկերային տագնապներուն, բանակը շարունակեց իր ազգային պարտականութիւնը, կատարեալ հաւատարմութեամբ շարունակեց իր առաքելութիւնը, յանձնառու մնաց ազգային համակեցութեան եւ համերաշխութեան պահպանումին, հսկեց օրէնքին գործադրութեան` դառնալով հայրենիքին նուիրուածութեան օրինակելի տիպարը», ըսաւ զօր. Քահուաժի:

Ան աւելցուց, որ բանակին ուսերուն դրուած այս պատասխանատուութիւնները անկարելի է, որ մոռացութեան ենթարկեն ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն կողմէ առեւանգուած լիբանանցի զինուորները:

Զօր. Քահուաժի ողջունեց առեւանգուած բանակայինները` խոստանալով հետապնդել անոնց դատը եւ ամէն ջանք ի գործ դնել զանոնք ազատելու եւ ողջ-առողջ տուն վերադարձնելու:

Զօր. Քահուաժի ընդգծեց, որ լիբանանցիներուն համար բանակայինները ազգային արժէքներուն հսկող պահակներ են եւ իրենց վստահութեան արժանի հաստատութեան զաւակները: Իբրեւ այդպիսին, ան կոչ ուղղեց անոնց` երկրին անկախութեան առիթով իրենց ճակատը բարձր պահելու, որովհետեւ անոնք երկրին ապահովութիւնը պահպանող եւ «Պատիւ, զոհողութիւն, հաւատարմութիւն» կարգախօսը կրող հաստատութեան զաւակներն են:

 

Նախորդը

Պէյրութի Միջազգային Օդակայանին Այսօրուան Աշխատանքը Բնական Կերպով Պիտի Ընթանայ

Յաջորդը

Մամլոյ Արձակուրդ

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.