Լիբանանեան առօրեային մաս կազմող ապահովական իրադարձութիւններուն շրջագիծին մէջ երէկ առաւօտեան երկիրը արթնցաւ Նապաթիէի մէջ բանակին, ներքին ապահովութեան ուժերուն, ինչպէս նաեւ Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժումի ապահովական թեւերու կողմէ որդեգրուած արտակարգ միջոցառումներուն լուրով:
Նապաթիէի բոլոր մուտքերուն անմիջապէս զետեղուեցան անցարգելներ, որոնք ստուգեցին քաղաք մուտք գործող եւ անկէ դուրս եկող բոլոր անցորդներուն անձնաթուղթերը:
Ըստ տեղեկատուական կարգ մը աղբիւրներու, նախանցեալ երեկոյեան Նապաթիէ այցելած է ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ցանցին պատասխանատուներէն մէկը եւ հանդիպում ունեցած բանակին, ապահովութեան ուժերուն, ինչպէս նաեւ Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժումի ապահովական պատասխանատուներուն հետ` անոնց փոխանցելով տեղեկութիւններ այն մասին, թէ ՏԱՀԵՇ-ի անդամներ կը ծրագրեն Նապաթիէն ահաբեկչութեան թիրախ դարձնել:
Այս տեղեկութիւններուն հիման վրայ ապահովութեան պատասխանատուները իսկոյն ստանձնած են պարտականութիւններ եւ որդեգրած ապահովական միջոցառումներ, որոնց ծիրին մէջ բանակը կը կատարէ նաեւ խուզարկումներ:
Միւս կողմէ, ներքին ապահովութեան ուժերը յայտնեցին, որ երեկոյեան ժամը շուրջ 6:30-ին, Սայտայի մէջ գտնուող աղբի զտարանին մէջ գտնուած են ականուած գօտիներ եւ պայթուցիկ նիւթեր, որոնց վնասազերծումը հաստատելու համար Սայտա ուղղուած են ապահովական կառոյցի սակրաւորներ:
Նշենք, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու առումով երէկ կէսօրին Հըզպալլայի մարտիկները Արսալի Խէյլ հովիտին մէջ ահաբեկչական խմբաւորումներու զինեալներուն դէմ ծուղակ մը լարեցին:
«Մանար» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, ահաբեկիչներէն երկուքը սպաննուեցան, իսկ 5 ուրիշներ վիրաւորուեցան:
Եարզէի Մէջ

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց ամերիկեան օդուժի կեդրոնական հրամանատարութեան պետ զօր. Չարլզ Պրաունը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանին սպառնացող ահաբեկչական գործողութիւններուն վերաբերող մանրամասնութիւններ, յատկապէս Պըրժ Պարաժնէն հարուածած պայթումներուն լոյսին տակ:
Լիբանանի մէջ ամերիկեան դեսպանատան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, զօր. Պրաուն ընդգծած է Միացեալ Նահանգներուն յանձնառութիւնը լիբանանեան բանակին նկատմամբ, յատկապէս անոր զօրացնելու այն աստիճան, որ ան առանձինն կարենայ պաշտպանել երկիրը եւ ժողովուրդը:
Նշենք, որ զօր. Քահուաժի ընդունեց նաեւ Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Լուչիանօ Փորթոլանոն, որուն հետ քննարկեց հարաւի մէջ տիրող ապահովական իրավիճակը: