Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ երէկ Թեհրանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆի հետ:
Հանդիպումէն ետք շէյխ Քասեմ յայտնեց, որ Հըզպալլա կը գնահատէ Իրանի որդեգրած ռազմավարութիւնները, որոնք կը նպաստեն լիբանանցիներուն եւ Դիմադրութեան շահերուն, ինչպէս նաեւ սիոնական գոյացութեան դէմ անոնց մղած պայքարին:
Քասեմ արժեւորեց նաեւ Իրանի իմաստուն քայլերը եւ ուղղուածութիւնը` շրջանին եւ միջազգային զարգացումներուն առումով: