Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

December 31, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵՐԷԿ երեկոյեան ժամը շուրջ 7:00-ին, նախկին երեսփոխան Հասան Եաագուպի համակիրները «Ռասուլ Աազամ» հիւանդանոցին կից կատարեցին բողոքի ցոյց մը` փակելով Պէյրութի միջազգային օդակայանի ճամբան: Անոնք մերժեցին Եաագուպի արգելափակումը եւ իշխանութիւններէն պահանջեցին զայն անմիջապէս ազատ արձակել:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի երէկ այցելեց յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսին, որուն ներկայացուց իր շնորհաւորութիւնները` Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով: Ռիֆի ընդգծեց Աուտէ եպիսկոպոսին հետ մնայուն կերպով խորհրդակցելու անհրաժեշտութիւնը:

ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք օժանդակած են Պաթրունի հիւանդանոցը փակումէ փրկելու աշխատանքին:

ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ իսլամ քարոզիչ Օմար Պաքրի Ֆըսթոքի զաւակը` Պիլալ Ֆըսթոք սպաննուած է Իրաքի Սալահէտտին շրջանին մէջ` ՏԱՀԵՇ-ի կողքին կռուելու ընթացքին:

ՇԷՅԽ Մուսթաֆա Հուժէյրիի (Ապու Թաքիէ) զաւակը Արսալի Ուատի Հըսն շրջանին մէջ վիրաւորուած է. ան զինեալ բախումներուն ընթացքին ոտքէն փամփուշտ մը ստացած է:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ իրեն համար աննախատեսելի է նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի նախաձեռնութեան շուրջ լուծման մը յանգելու հաւանականութիւնը:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Սելիմ Աուն յայտնեց, որ իրենց համար Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ կը մնայ դաշնակից, հակառակ անոր որ Ֆրենժիէ զիրենք դաշնակիցին դաշնակիցը նկատած է:

ԶՂԱՐԹԱՅԻ Տուէյհի պատրիարքի փողոցին մէջ երէկ գտնուեցաւ «Էր. Փէ. Ժէ.» տիպի նռնականետ մը:

ԼԻԲԱՆԱՆ-Սուրիա սահմանամերձ շրջանին` Մաարապունի մէջ Հիքմաթ Մուսա անունով քաղաքացի մը սպաննուած է ականի մը պայթումին պատճառով:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հրապարակած վառելանիւթի սակացոյցին համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին եւ մազութի թիթեղին սակը նուազած է 200 լ. ոսկիով, իսկ 98 օքթան պենզինին սակը` 300 լ. ոսկիով:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի շեշտեց, որ Հըզպալլա երկրին նախագահական ընտրութիւնը խոչընդոտող հիմնական կողմերէն կը նկատուի եւ ան ոչ մէկ ջանք ի գործ կը դնէ` ի նպաստ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի ընտրութեան:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Հապըր շեշտեց, որ Հըզպալլա կը մերժէ նախագահական ընտրութիւն կատարել` աւելցնելով, որ Հըզպալլայի կողմէ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի նկատմամբ ցուցաբերուած ժխտական վերաբերումը ազգային գայթակղութիւն է:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հիւսէյն Մուսաուի շեշտեց, որ լիբանանեան պետութիւնը գլխաւոր պատասխանատուն է Լիբանանի ապահովական կայունութեան պահպանումին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամին Ուեհպէ շեշտեց, որ անկարելի է երկրին դիմագրաւած քաղաքական տագնապը լուծել, առանց հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան:

ԸՍՏ «Նահար» օրաթերթին, Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութեան կառչած մնալու նպատակը Լիբանանը 7 մայիսի վտանգներէն հեռու պահելու միտումով կատարուած է:

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, նախագահական ընտրութեան համաձայնութիւնը կարելի է իրագործել միայն նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ Հըզպալլայի միջեւ համախոհութեամբ:

«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի այցելուները յայտնած են, թէ Սինիորա Իրանը պատասխանատու կը նկատէ` նախագահական ընտրութեան թղթածրարը շրջանային առումով խոչընդոտելու արարքին:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի Եգիպտոս այցելութիւնը քաղաքական ոչ մէկ նպատակ կը հետապնդէ:

 

 

Նախորդը

Իրաքի Արտաքին Գործոց Նախարարը Կը Սպառնայ Թուրքիոյ

Յաջորդը

Պիքֆայայի Մէջ. «Հըզպալլա Կ՛ուզէ Զօր. Աունը Պարտադրել Իբրեւ Հանրապետութեան Նախագահ» Շեշտեց Ահմետ Ֆաթֆաթ

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.