Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զապատանի-Քաֆարիա Եւ Ֆուաա Համաձայնութեան Երկրորդ Հանգրուանը Յաջողութեամբ Գործադրուեցաւ

December 29, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

zabadani_122815

Հակառակ Լիբանանի մէջ տիրող քաղաքական սառած իրավիճակին, երէկ Պէյրութը իր միջազգային օդակայանով վերածուեցաւ Զապատանի-Քաֆարիա եւ Ֆուաա համաձայնութեան գործադրութիւնը կամրջող կէտին:

ՄԱԿ-ի հովանաւորութեամբ եւ Սուրիոյ պետութեան մասնակցութեամբ գոյացած այս համաձայնութեան երկրորդ հանգրուանին գործադրութիւնը յաջողեցնելու իմաստով Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ ստանձնեց լիբանանեան կողմին մասնակցութիւնը, անոր վերահսկողութեան տակ կատարուեցաւ լիբանանեան եւ սուրիական ուժերուն միջեւ համագործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ ան բծախնդրութեամբ հսկեց այդ համաձայնութեան գործադրութեան:

Զապատանի-Քաֆարիա եւ Ֆուաա համաձայնութեան երկրորդ հանգրուանին շրջագիծին մէջ ճշդուած էր, որ Զապատանիի մէջ գտնուող 128 հաւատադրժողական զինեալներն ու անոնց ընտանիքները փոխադրակառքերով եւ Լիբանանեան կարմիր խաչին հիւանդատար մեքենաներով` ներքին ապահովութեան ուժերուն հսկողութեան տակ եւ ՄԱԿ-ի պատկանող փոխադրակառքերու ընկերակցութեամբ պիտի հասնէին լիբանանեան հողեր եւ Պէյրութի միջազգային օդակայանէն պիտի փոխադրուէին Թուրքիա:

Զուգահեռաբար` Քաֆարիա եւ Ֆուաա շրջանները պաշտպանող բնակիչներն ու վիրաւոր քաղաքացիները, որոնք կը հաշուէին 338 հոգի, Իտլիպի գիւղական շրջաններէն պիտի փոխադրուէին Թուրքիա` Ալեքսանտրէթի շրջան, ուրկէ զանոնք երկու օդանաւեր պիտի փոխադրէին Պէյրութ:

Զապատանի-Քաֆարիա եւ Ֆուաա համաձայնութեան գործադրութեան պայմաններէն մէկը այն էր, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանէն եւ Ալեքսանտրէթի շրջանի օդակայանէն օդանաւերը նոյն ատեն թռիչք կատարէին` առաջինին պարագային` ահաբեկիչները փոխադրող օդանաւը պիտի ուղղուէր դէպի Թուրքիա, իսկ երկրորդին պարագային Քաֆարիայի եւ Ֆուաայի բնակիչները փոխադրող զոյգ օդանաւերը պիտի ուղղուէին դէպի Պէյրութ:

Երեկոյեան ժամը շուրջ 7:00-ին, Զապատանիի մէջ գտնուող 128 հաւատադրժողական զինեալներն ու անոնց ընտանիքները Մասնաայի սահմանը անցնելէն ետք փոխադրուեցան Պէյրութի միջազգային օդակայան, մինչ Քաֆարիա եւ Ֆուաա շրջանի բնակիչները հասան Ալեքսանտրէթ:

Օդանաւերը երկուստեք թռիչք կատարեցին երեկոյեան շուրջ ժամը 9:30-ին:

Քաֆարիա եւ Ֆուաայի բնակիչները Լիբանան փոխադրող օդանաւերը Պէյրութի միջազգային օդակայան հասան գիշերուան ժամը 11:00-ին:

Օդակայանին մէջ անոնք դիմաւորուեցան  Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժումի պատուիրակութիւններուն, ինչպէս նաեւ հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի կողմէ: Լիբանան հասած բնակիչներն ու վիրաւորները կէս գիշերին Մասնաայի սահմանէն փոխադրուեցան Սուրիա:

Միւս կողմէ, երէկ առաւօտեան Զապատանիի, ինչպէս նաեւ Քաֆարիայի եւ Ֆուաայի մէջ սկսած փոխադրութեան եւ փոխանակման գործողութիւնը ընթացաւ Սէյլանի հրապարակին վրայ կատարեալ խաղաղութեամբ` ներկայութեամբ ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչներուն:

Նշենք, որ Զապատանի-Քաֆարիա եւ Ֆուաա համաձայնութեան առաջին հանգրուանը իրագործուեցաւ անցեալ սեպտեմբերին` զինադադարի հաստատումով եւ դէպի այդ շրջանները մարդասիրական օժանդակութիւն հասցնելով, իսկ երրորդ հանգրուանը տակաւին կը մնայ ուսումնասիրութեան ենթակայ:

Նախորդը

Պըրրի. «Հարիրիի Նախաձեռնութիւնը Տակաւին Ի Զօրու Է, Իսկ Լիբանանի Նախագահական Ընտրութեան Հարցը Ներքին Է»

Յաջորդը

Պարգեւատրման Հանդիսաւոր Արարողութիւն` Արցախի Հանրապետութեան Նախագահի Նստավայրին Մէջ

RelatedPosts

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Սուրիական Կառավարութիւնն Ու Հըզպալլան  Թուրքիոյ Մէջ Գաղտնի Բանակցութիւններ Վարած Են
Լիբանանեան

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի. Սուրիական Կառավարութիւնն Ու Հըզպալլան Թուրքիոյ Մէջ Գաղտնի Բանակցութիւններ Վարած Են

October 2, 2026
Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու  Յանձնախումբը Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Օմրան Ռիզան
Լիբանանեան

Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Օմրան Ռիզան

October 2, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.