
Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ երէկ Պիքֆայայի մէջ ընդունեց Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով իր բարեմաղթութիւնները յայտնած է Ժեմայէլին` աւելցնելով, որ Լիբանան անյապաղ նախագահական ընտրութեան կարիքը ունի:
Ֆաթֆաթ նշեց, որ յստակօրէն կարելի է շօշափել, թէ Հըզպալլա կը նախընտրէ նախագահական աթոռը թափուր պահել եւ կամ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունը երկրին եւ քաղաքացիներուն պարտադրել իբրեւ հանրապետութեան նախագահ:
Ֆաթֆաթ շեշտեց նախագահական ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը` ընդգծելով, որ իրենք ոչ ոքի թեկնածութիւնը վեթոյի կ՛ենթարկեն:
Ժեմայէլի այցելեց նաեւ մարոնի համայնքի ընդհանուր խորհուրդի նախագահ, նախկին նախարար Ուատիհ Խազեն, որ Ժեմայէլի հետ քննարկեց երկրին ընդհանուր իրավիճակը:


