Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արիտի. «Ֆրենժիէի Թեկնածութիւնը Անկարելի Է Այս Հանգրուանին Ընդունիլ»

December 30, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ղազի Արիտի
Ղազի Արիտի

Երեսփոխան Ղազի Արիտի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ 2015-ը քաղաքական աղբերու տարին էր, որուն ընթացքին լիբանանցիները երկրին քաղաքական անձնաւորութիւններուն նկատմամբ իրենց վստահութիւնը կորսնցուցին:

Անդրադառնալով աղբերը Լիբանանէն դուրս բերելու որոշումին` Արիտի նշեց, որ այդ մէկը յարմար լուծում կարելի չէ նկատել, որովհետեւ Լիբանանի համար ծախսալից պիտի ըլլայ:

Անդրադառնալով նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ առաջադրուած նախագահական ընտրութեան նախաձեռնութեան, որուն հիմամբ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ հանրապետութեան նախագահ պէտք է ընտրել, Արիտի ըսաւ, որ այդ նախաձեռնութիւնը շրջանային ու միջազգային հովանաւորութիւն չի վայելեր եւ այս հանգրուանին անկարելի է Ֆրենժիէի թեկնածութիւնը ընդունիլ:

«Առաջադրուած նախաձեռնութիւնը կրցաւ շարժել ներքին լիբանանեան առումով արձանագրուած սառած իրավիճակը, սակայն արտաքին աշխարհէն կախեալ ըլլալու լիբանանցիներուն իրականութիւնը փճացուց զուտ լիբանանեան որոշումով նախագահական ընտրութիւն կատարելու կարելիութիւնը», ըսաւ ան:

Արիտի նշեց, որ Հարիրիի նախաձեռնութիւնը պատճառ դարձած է Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ յարաբերութիւններու լարուածութեան` մերժելով նախագահական ընտրութիւնը արգելակող խոչընդոտները սահմանափակել Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունով:

Սուրիոյ տագնապին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Արիտի շեշտեց, որ Սուրիոյ մէջ քաղաքական լուծումին հասնիլը շատ երկար պիտի տեւէ եւ անիկա լիբանանեան պատերազմին ընդլայնուած բնագիրին կը համապատասխանէ` նշելով, որ սուրիական վարչակարգը Լիբանանի մէջ իր գործած սխալներէն դասեր չէ քաղած:

Շրջանային իրավիճակին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Արիտի զգուշացուց արաբական աշխարհին մէջ կրօնական պատերազմէ մը, որ Իսրայէլի կողմէ կը նախապատրաստուի:

«Սուրիացի ժողովուրդն է Սուրիոյ պատերազմէն միակ տուժողը, իսկ Իսրայէլ այդ իրավիճակէն օգտուող միակ կողմն է` Սուրիոյ տագնապին սկիզբէն ի վեր», շեշտեց Արիտի:

 

Նախորդը

Ժեմայէլ Կոչ Կ՛ուղղէ Ամէն Գնով Պատժելու Յանցագործները

Յաջորդը

Ժահժահ. «Մարտ 14-ի Քաղաքական Ուժերը Գործած Են Շարք Մը Սխալներ, Սակայն Անհրաժեշտ Է Կառչած Մնալ Այդ Դաշինքին»

RelatedPosts

Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ  Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը
Լիբանանեան

Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը

October 26, 2026
Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ  Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»
Լիբանանեան

Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.