Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Դեկտեմբեր 30, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ատեանի աւագ քննիչ դատախազ Ռիատ Ապու Ղիտա ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու անձնակազմի անդամ Ռամեզ Սէյիտը եւ անոր կինը ամբաստանեց Իսրայէլի հաշուոյն լրտեսելու, այլ խօսքով` Իսրայէլի ի նպաստ գործակալութիւն կատարելու յանցանքով:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս յայտնեց, որ Զապատանիի զինեալները Թուրքիա փոխադրելու նպատակով Լիբանանը իբրեւ ապահով անցք որդեգրելու ընտրանքը ՄԱԿ-ի պահանջով եղած է` աւելցնելով, որ Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ Լիբանան անշեղ կը մնայ իր չէզոք կեցուածքէն:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ Հըզպալլա ապահովական եւ քաղաքական իր ուժը կ՛օգտագործէ` խանգարելու համար նախագահական ընտրութիւնը:

ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ Լիբանանի մէջ, յատկապէս Մազարեհ Շեպաայի սահմանակից շրջաններուն մէջ կը տիրէ զգուշաւոր լռութիւն, նախանցեալ գիշեր իսրայէլեան կողմին կատարած ռազմափորձերէն ետք: Իսրայէլեան օդուժը տակաւին թռիչքներ կը գործէ հարաւային Լիբանանի քաղաքներուն վերեւ:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի յայտնեց, որ նախագահական ընտրութիւն կատարելու իմաստով Պքերքէ օժանդակող ազդակ մըն է, սակայն անիկա չի կրնար որոշ անձնաւորութիւն մը հանրապետութեան նախագահ դարձնել:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն շեշտեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունը հանրապետութեան նախագահ ընտրելու հաւանականութիւնը մեծ է յաջորդ տարուան ընթացքին:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ահմետ Քարամէ շեշտեց, որ իրենք վստահութիւն ունին Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի նկատմամբ` աւելցնելով, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի առաջադրած նախաձեռնութիւնը պիտի չձախողի:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի անդամ Սերժ Տաղեր յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի առաջադրած նախաձեռնութիւնը, որուն հիմամբ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէն հանրապետութեան նախագահ պէտք է ընտրել, տակաւին առկայ է: Ան աւելցուց, որ Մարատայի հետ իրենց հանդիպումները ընթացքի մէջ են` ուսումնասիրելու համար Ֆրենժիէի նախագահական աշխատանքային ծրագիրը:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի ընդհանուր խորհուրդի նախագահ, նախկին նախարար Ուատիհ Խազեն յայտնեց, որ լիբանանեան բանակի զինուորի մը նահատակութիւնը եւ չորս ուրիշներու վիրաւորուիլը Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն դէմ կրակ բանալու համազօր է: Ան խստիւ դատապարտեց Շարաուինայի մէջ արձանագրուած այս ոճիրը` կոչ ուղղելով պատժելու բոլոր յանցագործներն ու օրինազանցները:

ԱՐԱԲԱԿԱՆ Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ լոյս տեսնող «Խալիժ» օրաթերթին համաձայն, նախագահական ընտրութեան առումով առաջադրուած նախաձեռնութիւնը տակաւին առկայ է` նկատի ունենալով, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ եւ Պքերքէ կը զօրակցին անոր:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան բանակը քանի մը ամիսէն պիտի ստանայ Սէուտական Արաբիոյ կողմէ իրեն յատկացուած մէկ միլիառ տոլարի զէնք- զինամթերքը` նկատի ունենալով, որ այդ իմաստով սէուտական-ֆրանսական համաձայնութիւնը ամբողջացած է:

 

Նախորդը

«Ռուսիոյ Եւ Միացեալ Նահանգներու Միջեւ Գոյութիւն Ունի Համաձայնութիւն, Թէ Ո՛ր Խմբաւորումները Պէտք Է Նկատուին Ահաբեկչական» Ըսաւ Թոնըր

Յաջորդը

Ժեմայէլ Կոչ Կ՛ուղղէ Ամէն Գնով Պատժելու Յանցագործները

RelatedPosts

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Իրանի Վրայ Իսրայէլեան Յարձակումը Դատապարտող Լիբանանեան Կեցուածքներ

Յունիս 14, 2025
Լեւոն ԺԴ. Պապը Ընդունեց Նախագահ Աունը
Լիբանանեան

Լեւոն ԺԴ. Պապը Ընդունեց Նախագահ Աունը

Յունիս 14, 2025
Քասեմ. «Կը Զօրակցինք Թեհրանին`  Անոր Իրաւունքներուն, Կեցուածքներուն,  Որդեգրած Քայլերուն, Ինքնապաշտպանութեան  Քայլերուն Եւ Ընտրանքներուն Մէջ»
Լիբանանեան

Քասեմ. «Կը Զօրակցինք Թեհրանին` Անոր Իրաւունքներուն, Կեցուածքներուն, Որդեգրած Քայլերուն, Ինքնապաշտպանութեան Քայլերուն Եւ Ընտրանքներուն Մէջ»

Յունիս 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?