
«Պէտք է դասեր քաղենք եւ համագործակցինք, որպէսզի մեր երկրի կառոյցին եւ կայունութեան սպառնացող վտանգները հեռացնենք մեզմէ», յայտարարուեցաւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի շաբաթական հերթական նիստին աւարտին` նախկին նախարար Սելիմ Ժրայսաթիի կողմէ կարդացուած հաղորդագրութեան մէջ:
Համախմբումը օրակարգի վրայ ունէր տեղական եւ շրջանային հարցերը, ինչպէս` սահմանադրական կառոյցներու կազմալոյծ պատկերը, սուրիացի գաղթականները, ապօրինի համացանցի հարցը եւ այլն:


