«Երեք Անգամ Նիստէն Բացակայող
Երեսփոխանը Հրաժարած Պիտի Նկատուի»
Ըստ Նախարար Պութրոս Հարպի
38-րդ անգամն ըլլալով երէկ խորհրդարանը յետաձգեց նախագահի ընտրութեան նիստը` օրինաթիւի չգոյութեան պատճառով:
Նիստը, որուն ներկայ էին 53 երեսփոխաններ, յետաձգուեցաւ 10 մայիսին:
Միւս կողմէ, հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ երէկ ձեռնարկեց յուշագիրի մը ստորագրահաւաքին, ըստ որուն, նիստէն երեք անգամ բացակայող երեսփոխանը ինքնաբերաբար հրաժարած կը նկատուի: