Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը երէկ երեկոյեան բողոքի խորհրդանշական ցոյց մը կազմակերպեց` պահանջելով աշխատավարձերու յաւելման ու պատշաճեցման հարցը խորհրդարանի օրէնսդրական առաջին իսկ նիստի օրակարգին վրայ դնել:
«Այլապէս, պիտի ստիպուինք գործադուլի եւ դասադուլի դիմել «յայտարարեց Սեփական վարժարաններու ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Նաամէ Մահֆուզ` նշելով, որ ուսուցիչի մը նուազագոյն ամսականը 640 հազար լիբ. ոսկի է, մինչ աշխատաւորի մը նուազագոյն ամսականը` 675 հազար լիբ. ոսկի: