«Այս թղթածրարը բացուած է եւ պիտի չփակուի, մինչեւ յանցագործ պատասխանատուներուն քողազերծումը», յայտարարեց երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա երէկ` նախագահելով խորհրդարանական տեղեկատուութեան եւ հաղորդակցութեան միջոցներու յանձնախումբի նիստին` մասնակցութեամբ պաշտպանութեան, հաղորդակցութեան, տեղեկատուութեան, առողջապահութեան նախարարներու եւ պատկան քաղաքական թէ դատական պատասխանատուներու եւ երեսփոխաններու:
Խնդրոյ առարկայ կառոյցի` «Օժերօ»-ի ընդհանուր տնօրէն Ապտել Մենեմ Եուսուֆի մասնակցութիւնը այս ժողովին որոշ ընդվզում յառաջացուց կարգ մը նախարարներու եւ պատասխանատուներու մէջ` լարուած մթնոլորտ մը ստեղծելով սրահին մէջ:
Տարակարծութեանց եւ փոխադարձ չքմեղանքներու տարափը «բաբելոնի աշտարակը» յիշեցնող մթնոլորտ ստեղծեց ժողովին ընթացքին, ըստ «Օ. Թի. Վի.» կայանին:
Խորհրդակցութիւնները պիտի շարունակուին, մինչեւ բոլոր պատասխանատուներուն բացայայտումը: Ըստ հաւաստի աղբիւրներու, ցարդ երեսուն անձնաւորութիւն կասկածելի նկատուած է եւ տակաւին «մեծ գլուխներ» կան: