«Մեր երկիրը, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքը այս օրերուն ենթակայ են զօրաւոր փոթորիկի, երկրաշարժի եթէ կ՛ուզէք: Պէտք է դիմադրենք եւ յաղթահարենք այս փոթորիկը` պահպանելով մեր ազգային, մշակութային, բարոյական, քաղաքական ու կրօնական արժէքները, որպէսզի կարենանք դարձեալ ոտքի կանգնիլ այդ փոթորիկէն ետք», յայտարարեց Ռայի պատրիարքը երէկ, Պուտափեշթ Էսթրակոմի եպիսկոպոսապետ կարտինալ Փիթըր Էրտոյի շնորհուած պատուոյ դոկտորայի հանդիսութեան ընթացքին` ներկայութեամբ պապական նուիրակ Կապրիէլ Քաչայի: