
Խորհրդարանի նախկին նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնի երէկ մամլոյ ասուլիս մը տուաւ եւ անդրադարձաւ երկրի հրատապ հարցերուն` նախագահական ընտրութենէն մինչեւ աղբերու հաւաքման հարցն ու քաղաքապետական ընտրութիւնները:
Նախագահական ընտրութեան գծով խորհրդարանի նախկին նախագահը առաջարկեց ընտրել միամեայ փորձառական շրջանի նախագահ մը, որ կը կազմէ չէզոք կառավարութիւն մը, որ իր կարգին կը մշակէ ընտրական համամասնական օրէնք, ապա կը կատարուի սահմանադրական ժամկէտներու իրականացումը:
Հիւսէյնի հակաօրինական նկատեց այժմու խորհրդարանը, որ ինքնակոչ կերպով վերանորոգեց իր պաշտօնավարութեան ժամանակաշրջանը:
Հիւսէյնի միւս կողմէ ընդունուած նկատեց արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆիի հրաժարականը, անգամ մը, որ ան բացայայտօրէն յայտարարեց իր հրաժարականը եւ զայն լսելի դարձուց պատկան կողմերուն: Խորհրդարանի նախկին նախագահը այս գծով թուեց կարգ մը օրինակներ լիբանանեան սահմանադրական կեանքի պատմական փորձառութենէն:
Հիւսէյնի նաեւ մեծ թնճուկ որակեց աղբերու հարցը, որուն հետեւանքները տակաւին կ՛անհանգստացնեն լիբանանցիները: