Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մըթրի. «Լիբանանն Ու Սուրիան Յարաբերութիւններու Նոր Հիմեր Կը Կառուցեն»

Հոկտեմբեր 17, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փոխվարչապետ Թարեք Մըթրի «Տիար» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ ներկայիս «կը մշակուին լիբանանեւսուրիական յարաբերութիւններու նոր հիմեր, որոնք գլխաւորաբար հիմնուած են երկու պետութիւններու գերիշխանութեան յարգման վրայ, բան մը, որ անցնող յիսուն տարուան ընթացքին չկար»:

«Բոլոր խնդիրները կը քննարկուին, եւ արգիլուած նիւթեր չկան: Աշխատանքը կը կատարուի շինիչ եւ վստահութեան ամրապնդման ոգիով, եւ ոչ թէ սակարկութեան», աւելցուց ան:

«Սուրիական կողմին հետ քննարկուող գլխաւոր թղթածրարը սուրիացի բանտարկեալներու եւ կալանաւորներու թղթածրարն է, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ անհետ կորսուած լիբանանցիներու, սահմանի վերահսկողութեան, զէնքի եւ թմրեցուցիչի մաքսանենգման արգիլման, ինչպէս նաեւ սուրիացի գաղթականներու տունդարձի թղթածրարները, իսկ սահմանագծումի հարցի քննարկումը տեղի պիտի ունենայ հետագայ փուլին», ըսաւ փոխվարչապետը:

«Այժմ վերատեսութեան կ՛ենթարկուին Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ անցնող տարիներուն ստորագրուած համաձայնութիւնները, մանաւանդ անոնք, որոնք ներառուած են Եղբայրութեան, գործակցութեան ու համակարգման համաձայնագիրին շրջագիծին մէջ: Այդ համաձայնագիրը վերատեսութեան կը կարօտի, որովհետեւ մշակուած է ներկայ պայմաններէն ամբողջովին տարբեր պայմաններու մէջ եւ կը բովանդակէ կէտեր, որոնք ի շահ Լիբանանին չեն: Սուրիական ղեկավարութիւնը Լիբանանեւսուրիական բարձրագոյն խորհուրդի աշխատանքի առկախման քայլին դիմեց, եւ հաւանաբար լիբանանեան-սուրիական որոշում մը տրուի չեղեալ նկատելու այդ խորհուրդը», յայտնեց Մըթրի:

«Մենք խնդիր ունինք Լիբանանի մէջ բանտերուն թղթածրարին մէջ, ներառեալ սուրիացի բանտարկեալներու թղթածրարին մէջ: Ներկայիս աշխատանք կը տարուի արդարադատական գործակցութեան համաձայնութեան մշակման վրայ», ըսաւ ան` շեշտելով. «Այս թղթածրարին մէջ լուծումները չեն կրնար քաղաքական ըլլալ, այլ արդարադատական լուծումներ, որոնք կը յարգեն մեր կանոններն ու օրէնքները»:

«Այս գծով տարուած աշխատանքին մէջ յառաջընթաց արձանագրեցինք, եւ համաձայնութեան նախագիծի կէտերուն մեծամասնութեան շուրջ համաձայնութիւն գոյացաւ, սպասելով երկու երկիրներու կառավարութիւններուն կողմէ անոնց վաւերացման եւ խորհրդարանի հաւանութեան», աւելցուց ան:

«Սուրիական կողմը մեծապէս հետաքրքրուած է սուրիացի բանտարկեալներու թղթածրարը առաւելագոյն արագութեամբ փակելու», ըսաւ ան` նշելով. «Իւրաքանչիւր համաձայնութիւն բացառութիւններ ունի, եւ չկայ պետութիւն մը, որ ընդհանրապէս իր մօտ գտնուող բոլոր բանտարկեալները կը յանձնէ, սակայն մինչեւ այս պահս բոլոր բացառութիւններու կարգաւորման շուրջ համաձայնութիւն չէ գոյացած»:

Անդրադառնալով հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի Իսրայէլի հետ բանակցութեան վերաբերող վերջին յայտարարութեան` փոխվարչապետը ըսաւ. «Նախագահը յստակօրէն նշեց, թէ նախ եւ առաջ Իսրայէլ պէտք է գործադրէ զինադադարի համաձայնութիւնը, մասնաւորաբար հեռանայ լիբանանեան բռնագրաւեալ հողերէն, թշնամական արարքները դադրեցնէ եւ գերիները ազատ արձակէ, եւ ասիկա որեւէ բանակցութեան նախապայման է»:

«Ինչ կը վերաբերի բանակցութեան ձեւին, ապա կրնայ նախապէս կատարուածին նման Կապոյտ գիծին վրայ ըլլալ, եւ անոր մասնակցին երկու կողմերէն զինուորականներ: Իսկ Իսրայէլի հետ խաղաղութեան համաձայնութեան կնքումը սեղանին վրայ չէ», ըսաւ ան` նշելով. «Սակայն ասիկա չի նշանակեր, թէ Իսրայէլի հետ տեւական պատերազմի մէջ պիտի ըլլանք, որովհետեւ Լիբանան կառչած է զինադադարի համաձայնութեան, եւ որպէսզի զինադադարը տեւական ըլլայ, կրնայ արգելք չըլլալ, որ այլ համաձայնութիւն մը կնքուի, եթէ այդ մէկը անհրաժեշտ ըլլայ»:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Լիբանանի փոխանցուա՞ծ է, թէ Իսրայէլ մտադիր է Կազայի համաձայնութենէն ետք մագլցում կատարել` ան ըսաւ. «Այդ առնչութեամբ ոչինչ փոխանցուեցաւ, եւ կը կարծեմ, թէ Իսրայէլ գոհ է ներկայ իրավիճակէն, որովհետեւ երբ ուզէ եւ ուր որ ուզէ կը հարուածէ: Սակայն Իսրայէլի հետ ոչինչ հաստատ է»:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ զէնքի մենաշնորհման որոշումի գործադրութիւնը ներկայիս սառեցուա՞ծ է, սպասելով Իսրայէլի  յանձնառութիւնները յարգելուն` Մըթրի յայտնեց. «Այս թղթածրարին մէջ ոչինչ սառեցուած է, եւ պետութեան վերահսկողութիւնը իր բոլոր հողերուն վրայ տարածելու աշխատանքը բանակը կը կատարէ: Իսկ, թէ ե՞րբ պիտի աւարտի, ատիկա կախեալ է բանակի պայմաններէն եւ գետնի վրայ անոր աշխատանքէն, եւ հաստատ, որ բռնագրաւումի եւ զինուորական գործողութիւններու շարունակումը լիբանանեան բանակի առաքելութիւնը կը բարդացնէ»:

«Զէնքի մենաշնորհման որոշումը քաղաքացիական պատերազմի ծրագիր չէ, որովհետեւ ոչ ոք կ՛ուզէ բանակին դէմ կանգնիլ, եւ ո՛չ ալ բանակը կ՛ուզէ ոեւէ մէկու հետ բախում ունենալ», նշեց փոխվարչապետը:

 

 

Նախորդը

Պայրագտարեան ՄԱԿ-ի Առողջապահութեան Կազմակերպութեան Հետ Քննարկեց Գործակցութեան Կարելիութիւնները

Յաջորդը

Պըրրի. «Խորհրդարանական Ընտրութիւնները` Իրենց Ժամկէտին»

RelatedPosts

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?