Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն դատապարտեց հինգշաբթի գիշեր հարաւային Լիբանանի մէջ շարք մը գիւղաքաղաքներ եւ քաղաքային կառոյցներ թիրախաւորած իսրայէլեան յարձակումները:
«Իսրայէլեան շարունակուող յարձակումը արտադրողական ենթակառոյցներու աւերման եւ կեղծ անվտանգութեան պատրուակներով լիբանանեան աւերուած շրջաններու վերականգնումը խոչընդոտելու համակարգուած քաղաքականութեան մաս կը կազմէ», նշեց նախագահը:
«Այս մագլցողական վարմունքը մեծ խախտում է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումին եւ 2024 թուականի թշնամական արարքներու դադրեցման համաձայնութեան եւ կը հաստատէ, որ Իսրայէլ կը շարունակէ ոտնահարել իր միջազգային յանձնառութիւնները եւ ուժ կիրարկել օրինական որեւէ ծիրէ կամ միջազգային լիազօրումէ դուրս, ինչ որ կը պահանջէ միջազգային կեցուածք մը, որ այդ դատապարտելի խախտումներուն վերջ կու տայ», յայտնեց նախագահ Աուն: