– «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթ. «Լիբանան յառաջիկայ շաբաթ պիտի հիւրընկալէ լիբանանեան-սուրիական «ապահովական վեհաժողով» մը` մասնակցութեամբ սուրիական ապահովական բարձրաստիճան պատուիրակութեան մը, որուն մաս կը կազմեն տարբեր ապահովական մարմիններու պետեր` նախագահութեամբ Սուրիոյ ներքին գործոց նախարարի ապահովական հարցերով օգնականին»:
– ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ նախարարական աղբիւր մը «Ախպար» օրաթերթին. «Վարչապետ Սալամ մօտ օրէն աշխատանքային այցելութեամբ պիտի մեկնի Փարիզ` ֆրանսական ղեկավարութեան հետ քննարկելու Լիբանանին աջակցութեան խորհրդաժողովներուն առջեւ ծառացած խոչընդոտներու վերացման կարելիութիւնները եւ իր համար Լիբանանի հարցով սէուտցի պատուիրակին հետ ժողովի դասաւորում խնդրելու համար»:
– ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Ուաշինկթըն դրական չընկալեց նախագահ Աունի խօսքը եւ անոր մէջ կրկնութիւն կը տեսնէ նախկին կեցուածքներու, որոնք այլեւս զարգացման կը կարօտին, մանաւանդ անկեղծօրէն Լիբանանի` Իսրայէլի հետ ուղղակի որեւէ բանակցութեան մերժման մասին խօսեցաւ»:
– ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Լիբանանեան թղթածրարը ներկայիս սառեցուած է, սպասելով շրջանին մէջ պատկերի յստակացման, մանաւանդ ինչ կը վերաբերի Կազայի եւ Սուրիոյ»:
– ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Իսրայէլեան իրերայաջորդ յարձակումները, որոնք երբեմն մագլցում կ՛արձանագրեն եւ երբեմն ալ` նահանջ, Լիբանանը ճնշումի տակ պահելու համար են, եւ հաւանական է, որ ներկայ ընթացքը շարունակուի, ուստի լիբանանեան կացութիւնը ցնոր տնօրինութիւն պիտի մնայ ոչ պատերազմի եւ ոչ խաղաղութեան սահմաններուն մէջ»:
– ԴԱՏԱԿԱՆ իշխանութիւնը երէկ որոշեց 11 միլիոն տոլար երաշխաւորագինի դիմաց ազատ արձակել Հանիպալ Քազզաֆին, արգիլելով անոր երկրէն հեռանալը:
– 95 եւ 98 օքթան պենզիններու գիները նուազեցան 21.000 լ.ո.-ով եւ յաջորդաբար հասան 1.415.000 լ.ո.-ի եւ 1.455.000 լ.ո.-ի, մազութին գինը նուազեցաւ 17.000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 1.334.000 լ.ո.-ի: Պիւթակազին գինը մնաց անփոփոխ` 1.102.000 լ.ո.: