Միքաթի. «Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն Թեկնածութիւնս Պիտի Չառաջադրեմ»
Նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի յայտնեց. «Պէտք է «Մեքանիզմ»-ի ճամբով բանակցիլ»` յիշեցնելով. «Իսրայէլ Լիբանանի մէջ հողեր գրաւած է եւ անոնցմէ պիտի հեռանայ միայն բանակցութեան ճամբով: Հարց չէ, եթէ Ուաշինկթըն մեզի օգնէ, զինուորականներէ բաղկացած հնգանդամ յանձնախումբին (Միացեալ Նահանգներ, Ֆրանսա, Լիբանան, Իսրայէլ, ՄԱԿ) միանան քաղաքագէտներ, որոնք զբաղին Լիբանանի դէմ իսրայէլեան պատերազմի դադրեցման եւ ատոր համար անհրաժեշտ եղածի քննարկումով: «Ներկայիս, իսրայէլեան կողմը մերժած է...




















