Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սալամ Սայտա Այցելեց

Հոկտեմբեր 17, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ երէկ այցելեց Սայտա:

Ան քաղաքին մէջ կատարած շրջապտոյտի ծիրին մէջ առաւօտեան այցելեց թրքական հիւանդանոց, ապա Սայտայի նաւահանգիստ, աղբերու մշակման կեդրոն, կոյուղիի կայան, Սայտայի սերայ, Սայտայի քաղաքապետարան եւ Մաքասետ երկրորդական վարժարան:

Սայտայի մէջ Մաքասետ իսլամական բարեսիրական միութեան նախագահ Ֆայեզ Պըզրի դպրոցին բակին մէջ վարչապետին ի պատիւ ճաշկերոյթ կազմակերպեց:

Սալամ Սայտա իր այցելութեան ընթացքին խօսք մը արտասանելով նշեց. «Եկանք հաստատելու, որ պետութիւնը ներկայ է, եւ մտիկ ըրինք քաղաքի զաւակներու մտահոգութիւններուն»` շեշտելով. «Կառավարութեան մէջ մեր ծրագիրը պետութեան վերականգնումն է, եւ ատիկա կը սկսի մարդոց վստահութիւնը շահելով: Մենք կարիքը ունինք ապահովական ուժերու եւ բանակի անդամներուն թիւը բարձրացնելու, մասնաւորաբար հարաւէն ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու հեռացման սկիզբի լոյսին տակ»:

«Ամիսներէ ի վեր կ՛աշխատինք զինուորական եւ ապահովական ծառայութիւններու աջակցութեան միջազգային խորհրդաժողովի մը վրայ, եւ Աստուած ուզէ ատիկա շուտով կ՛իրականանայ, եւ մենք կը կարողանանք պահանջուածին մեծ մասը ապահովել», նշեց վարչապետը:

«Վերաշինութեան գործողութեան մէջ կծծիութիւն չենք ըներ, սակայն մեր կարելիութիւնները շատ քիչ են: Վստահ եմ, որ շուտով պիտի յաջողինք վերաշինութեան ու տնտեսութեան առողջացման եւ բանակի ու ապահովական ուժերու աջակցութեան շուրջ երկու միջազգային խորհրդաժողովներ գումարելու` բարգաւաճման եւ վերաշինութեան աշխատանքին ձեռնարկելու համար: Այդ ատեն պետութիւնը բարգաւաճման եւ վերակառուցման ծրագիրներու ճամբով աւելի ներկայ պիտի տեսնէք», նշեց վարչապետը:

«Մեր ծրագիրը մէկ է` պետութեան վերականգնումը: Ո՛չ դրամ ունինք, ո՛չ ալ միլիսներ: Միայն մարդոց վստահութիւնը ունինք, եւ մենք զայն պիտի պահենք միայն, երբ անոնց մտիկ ընենք եւ անոնց պահանջները բաւարարենք», յայտարարեց Սալամ:

 

 

Նախորդը

Պըրրի. «Խորհրդարանական Ընտրութիւնները` Իրենց Ժամկէտին»

Յաջորդը

Նախագահ Աուն. « Լիթանիէն Հարաւ Բանակի Անդամներուն Թիւը Այս Տարեվերջին Պիտի Հասնի Շուրջ 10 Հազարի»

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Խորհրդարանին Յղեց  Արտերկրի Լիբանանցիներուն 128 Երեսփոխաններու  Քուէարկել Արտօնող Օրինագիծ Մը
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Խորհրդարանին Յղեց Արտերկրի Լիբանանցիներուն 128 Երեսփոխաններու Քուէարկել Արտօնող Օրինագիծ Մը

Նոյեմբեր 7, 2025
Իշխանութեան Երեք Պետերուն  Եւ Լիբանանցիներուն  Յղած Իր Բաց Նամակին Մէջ.  «Կը Հաստատենք Բռնագրաւման Դիմադրելու  Մեր Օրինական Իրաւունքը»  Կ՛ըսէ Հըզպալլա
Գլխաւոր լուրեր

Իշխանութեան Երեք Պետերուն Եւ Լիբանանցիներուն Յղած Իր Բաց Նամակին Մէջ. «Կը Հաստատենք Բռնագրաւման Դիմադրելու Մեր Օրինական Իրաւունքը» Կ՛ըսէ Հըզպալլա

Նոյեմբեր 7, 2025
Հարաւային Լիբանանի Մէջ Իսրայէլեան  Յարձակումներու Մագլցում
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Մէջ Իսրայէլեան Յարձակումներու Մագլցում

Նոյեմբեր 7, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?