Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Եուսեֆ Ռաժժի ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերու յանձնակատարի նոր ներկայացուցիչ Քարոլինա Լինտհոլմ Պիլինկը, որ իր հաւատարմագիրները ներկայացուց:
Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցաւ դէպի Լիբանան սուրիական գաղթի թղթածրարը:
Քննարկուեցան ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցով կազմակերպութեան եւ յանձնակատարութեան հետ գործակցաբար եւ սուրիական իշխանութիւններուն հետ համակարգումով լիբանանեան կառավարութեան որդեգրած ծրագիրին հիմամբ տեղահանուածերու տունդարձը ապահովելու ջանքերը: