Լիբանանեան

Ռաատ. «Իսրայէլացի Թշնամին Ծածուկ Պատճառներով Ընտրութիւններու Յետաձգման Մէջ Շահ Ունի»

Ռաատ. «Իսրայէլացի Թշնամին Ծածուկ Պատճառներով Ընտրութիւններու Յետաձգման Մէջ Շահ Ունի»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ յայտնեց. «Անոնք, որոնք կը փորձեն պատրուակներուն թիկունք կանգնիլ եւ պնդել, թէ թշնամիին ամօթալի յարձակումներուն պատճառը Դիմադրութիւնն է, կը սխալին, որովհետեւ թշնամիին յարձակումներուն պատճառը անոր ախորժակն է եւ Լիբանանին տիրապետելու ծաւալապաշտական ծրագիրը»: «Ան, որ կը պահանջէ Դիմադրութեան պատրուակները վերացնել, կա՛մ յարձակումին բնոյթին ծանօթ չէ, կա՛մ ալ սխալ կերպով իր գրաւը կը դնէ զիջումներէն ետք...

Օրթէյկըս. «Իսրայէլի Կողքին Պիտի Կանգնինք, Ըլլայ Այդ Համասը, Հըզպալլան Կամ Հուսիները Քանդելու Ջանքերուն Մէջ»

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

«ԱՆՊԱ ԷԼԵՔԹՐՈՆԻԱ». «Ամերիկացի պատուիրակ Մորկըն Օրթէյկըսի Լիբանանի այցելութեան օրակարգը ապահովական պատասխանատուներու հետ բանակցութիւններով պիտի չսահմանափակուի, այլ չորեքշաբթի օր «մեքանիզմ»-ի յանձնախումբի ժողովին ներկայ գտնուելուն կողքին ան հանդիպում պիտի ունենայ իշխանութեան երեք պետերուն հետ»: ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին կը յայտնեն, թէ արաբ դիւանագէտ մը Լիբանանի մէջ քաղաքական եւ ապահովական կողմերուն ըսած է. «Ներկայ փուլին Լիբանան մեծ վտանգի տակ է, եւ յառաջիկայ քանի...

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

Լիբանան շաբաթ` 25 հոկտեմբերէն կիրակի` 26 հոկտեմբեր լուսցող գիշերուան ընթացքին կ՛անցնի ձմեռնային ժամանակացոյցին: Ուստի ժամացոյցներուն սլաքները մէկ ժամ ետեւ պէտք է տանիլ:

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին.  Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է  Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին. Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Ժոզեֆ Աուն Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութիւններու հարցերու նախարար Ահմատ Հաժժարը եւ անոր հետ քննարկեց նախարարութեան տարբեր միաւորներուն մէջ խորհրդարանական ընտրութիւնները իրենց ժամկէտին` յառաջիկայ մայիսին, կատարելու պատրաստութիւններու ընթացքը: Նախարար Հաժժար յայտնեց. «Ներքին գործոց նախարարութիւնը լիովին պատրաստ է այս գործընթացը բացարձակապէս անկողմնակալ ու թափանցիկ պայմաններու մէջ կատարելու»: Հանդիպումին նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ վերջին զարգացումներուն լոյսին տակ...

Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ

Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ բացայայտեց իր ուղղակի դերակատարութիւնը Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ Հըզպալլայի եւ անոր ղեկավարութեան դէմ յարձակումներուն, մասնաւորաբար փէյճըրներու պայթեցման մէջ, որուն գործադրութեան վերջնական որոշումը իր ձեռքը եղած է: Թրամփ ամերիկեան «Թայմ» պարբերաթերթի հետ հարցազրոյցի ընթացքին` պատասխանելով հարցումի մը, յայտնեց. «Ինչպէս գիտէք, բոլոր այդ յարձակումները իմ հովանաւորութեամս եւ վերահսկողութեանս տակ տեղի ունեցան, եւ իրականութեան մէջ` ինծի հետ ուղղակի...

Պիտի Շարունակենք Լիբանանեան Պետութեան Ու Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ», Կ՛ըսէ Պլասխարթ

Պիտի Շարունակենք Լիբանանեան Պետութեան Ու Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ», Կ՛ըսէ Պլասխարթ

Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Ժինին Հենես-Պլասխարթ «ՄԱԿ-ի օր»-ուան առիթով յայտնեց. «Մինչ ՄԱԿ-ը իր 80-րդ տարին կ՛ամբողջացնէ փոփոխութեան ու բարեկարգման ժրաջան աշխատանքի պայմաններու մէջ, Լիբանան կը դիմագրաւէ իր արդի պատմութեան վճռորոշ փուլերէն մին, որ պիտի ճշդէ անոր ապագայ երթը: Նոյն ատեն կը շարունակուին շրջանային մեծ փոփոխութիւնները, եւ միջազգային ուժերը կը շարունակեն ապահովական ու աշխարհաքաղաքական նոր պատկերը գծել»: «ՄԱԿ-ի...

«Պիտի Չհամաձայնիմ Թիւ 16 Ընտրատարածքի Չեղարկման Եւ Ընտրութիւնները Նոյնիսկ Մէկ Օրով Յետաձգման»  Կ՛ըսէ Պըրրի

«Պիտի Չհամաձայնիմ Թիւ 16 Ընտրատարածքի Չեղարկման Եւ Ընտրութիւնները Նոյնիսկ Մէկ Օրով Յետաձգման» Կ՛ըսէ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի` ընտրական օրէնքի շուրջ ընթացող բանավէճին մասին իր դիրքորոշումը ամփոփելով, «Ասաս» կայքին յայտնեց. «Եթէ գնդակը հարուածելու մէջ լաւ չեն, ապա ստիպուած չեմ անոնց համար բերդը ընդլայնելու»: Պատասխանելով ներկայ ճգնաժամին վերաբերեալ հարցումի մը` Պըրրի ըսաւ. «Խնդիրը մօտս չէ, այլ ուրիշներու: Ունինք ուժի մէջ եղող օրէնք մը, որ պէտք է գործադրուի: Ինչպէս որ իրենք կ՛ուզեն սփիւռքը քուէարկէ, ես ալ...

Թեհրան Կը Դատապարտէ Լիբանանի Դէմ Հինգշաբթի Օրուան Յարձակումները

Թեհրան Կը Դատապարտէ Լիբանանի Դէմ Հինգշաբթի Օրուան Յարձակումները

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի բուռն կերպով դատապարտեց «Լիբանանի հարաւի եւ Պեքայի մէջ շրջաններու դէմ սիոնական գոյառութեան շղթայազերծած օդային յարձակումները», եւ զանոնք նկատեց «ահաբեկչական ոճիր»: Պաղայի ցաւակցութիւն յայտնեց զոհերուն ընտանիքներուն եւ լիբանանցի ժողովուրդին` շեշտելով. «Անհրաժեշտ է դատել սիոնական գոյառութիւնը եւ զայն պատժել իր գործած ոճիրներուն համար»: Ըստ անոր, իսրայէլեան ոճիրներու առանց հաշուետուութեան շարունակութիւնը հետեւանք է անոր նկատմամբ ամերիկեան...

Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու

Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու

Նախարարաց խորհուրդը երէկ Պաապտայի պալատին մէջ գումարեց ժողով մը, որուն օրակարգը կը բաղկանար 44 կէտերէ, որոնց կարեւորագոյններն էին Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի նստաշրջանի բարեփոխումը, դրամատնային վարկերու օրինական տոկոսը 2 առ հարիւր ճշդելը, դրամատնային բարեփոխումը եւ տարբեր վարչական նշանակումներ: Նախքան նիստը, հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամ ունեցան առանձնազրոյց մը: Նիստի աւարտին տեղեկատուութեան նախարար Փոլ Մըրքոս յայտնեց, որ նախագահ Աուն...

Նախագահ Աունը` Զօր. Քլիրֆիլտին.  «Անհրաժեշտ Է Կեանքի Կոչել «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբի Աշխատանքը»

Նախագահ Աունը` Զօր. Քլիրֆիլտին. «Անհրաժեշտ Է Կեանքի Կոչել «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբի Աշխատանքը»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց զինադադարի հսկողութեան յանձնախումբի` Մեքանիզմի նոր պետ ամերիկացի զօրավար Ճոզըֆ Քլիրֆիլտը, որուն կ՛ընկերակցէր Լիբանանի մէջ ամերիկեան դեսպանատան գործավար Քիթ Հանինկըն: Նախագահ Աուն նշեց, որ անհրաժեշտ է կեանքի կոչել Մեքանիզմի յանձնախումբի աշխատանքը` վերջ տալու համար Լիբանանի վրայ իսրայէլեան իրերայաջորդ յարձակումներուն եւ նոյեմբեր 2024-ին գոյացած զինադադարի համաձայնութեան խախտումներուն: «Լիբանան, որ յայտարարուելէն ի վեր յարգեց զինուորական...

Սալամ. «Կառավարութեան Կողմէ Որդեգրուած Որեւէ Որոշումի Վերաբերեալ Զիջում Չկայ»

Սալամ. «Կառավարութեան Կողմէ Որդեգրուած Որեւէ Որոշումի Վերաբերեալ Զիջում Չկայ»

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտելլաթիֆ Տրիան Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց վարչապետ Նաուաֆ Սալամը: Տար Ֆաթուա հաղորդեց, որ հանդիպումի ընթացքին վարչապետը յայտնած է, թէ կառավարութիւնը աշխատանք կը տանի դարմանելու տարիներէ ի վեր կուտակուած ճգնաժամեր, որոնցմէ քաղաքացին կը տառապի: Ան նշած է, թէ նախարարաց խորհուրդի համախմբուածութիւնը բանալին է դիմակայելու երկրին դիմագրաւած խնդիրներէն շատերը, իսկ նախարարաց խորհուրդը համախոհութեան եւ համաձայնութեան վայր է` ի շահ...

Պեքայի Մէջ.   Արեւելեան Լեռնաշղթայի Վրայ Իսրայէլեան Բուռն Օդային Յարձակումներ

Պեքայի Մէջ. Արեւելեան Լեռնաշղթայի Վրայ Իսրայէլեան Բուռն Օդային Յարձակումներ

Իսրայէլեան օդուժը երէկ կէսօրին Պեքայի մէջ Լիբանանի արեւելեան լեռնաշղթայի վրայ գործեց իրերայաջորդ բուռն յարձակումներ: Իսրայէլեան բանակի բանբեր Աւիխայ Ատրահի պնդեց. «Օդուժի օդանաւերը քիչ առաջ Պեքայի շրջանին մէջ յարձակումներ գործեց Հըզպալլայի շարք մը թիրախներու վրայ, որոնց շարքին է Հըզպալլայի անդամներու մարզման համար ճամբար մը, ուր կուսակցութեան անդամներ նկատուեցան»: «Հըզպալլան ճամբարը օգտագործեց իր անդամները մարզելու եւ վերապատրաստելու համար, բանակի ուժերուն ու Իսրայէլի...

Իզզէտտին. «Դիմադրութիւնը Պիտի Շարունակէ Գոյատեւել»

Իզզէտտին. «Դիմադրութիւնը Պիտի Շարունակէ Գոյատեւել»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Իզզէտտին յայտնեց. «Լիբանան շարունակուող մարտահրաւէրներ ու սպառնալիքներ կը դիմագրաւէ` իսրայէլեան յարձակումներու շարունակման պատճառով»: «Անհրաժեշտ է միաւորել բոլոր լիբանանցիները այս վտանգներուն դէմ, որոնք հայրենիքի բոլոր բաղադրիչներուն վրայ կ՛ազդեն», շեշտեց երեսփոխանը: «Ազգային փոխադարձ հասկացողութիւնը ուժի երեսներէն մէկն է, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ունեցած կարողութիւնները դիմադրութեան եւ համախմբուածութեան երեսներէն են, նոյնպիսին են ապահովական ուժերն ու լիբանանեան հայրենասէր բանակը:...

Քպէյսի. «Պետութեան Պատասխանատուութիւնը Լիբանանը Յարձակումներէն Պաշտպանելն Է, Եւ Ոչ Թէ` Թշնամիներուն Պայմանները Կրկնելը»

Քպէյսի. «Պետութեան Պատասխանատուութիւնը Լիբանանը Յարձակումներէն Պաշտպանելն Է, Եւ Ոչ Թէ` Թշնամիներուն Պայմանները Կրկնելը»

Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպէյսի նշեց. «Այն, ինչ որ մեր հայրենիքին մէջ տեղի կ՛ունենայ, դժբախտաբար մեծ կարգախօսներ են, որոնք այս կամ այն ձեւով թշնամիին հռետորաբանութիւնը կը փոխանցեն: Եթէ Իսրայէլ պայմաններ կը ճշդէ եւ կ՛ըսէ, թէ կ՛ուզէ լիբանանեան բեմն ու Դիմադրութիւնը զինաթափել, մենք կը հասկնանք պետութեան վերականգնման պայմաններն ու անհրաժեշտ բաները: «Մենք լաւապէս գիտենք ինչպէ՛ս պետութիւնը պահպանել, սակայն...

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Պէտք Է Որոշէ Ինչպէ՛ս Զէնքը Պետութեան  Մենաշնորհը Դարձնել»

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

- «ՏԻԱՐ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ ըստ ոչ պաշտօնական տեղեկութիւններու, ամերիկացի պատուիրակ Թամըս Պարրաք կը պատրաստուի Լիբանան վերադառնալ եւ Պէյրութ պիտի հասնի 7 նոյեմբերին: - ԷՄԻՐԱԹԱԿԱՆ «Խալիժ» օրաթերթ. «Ամերիկացի պատուիրակ Թամըս Պարրաքի խօսքը կը պարունակէ Լիբանանի նկատմամբ տողատակի սպառնալիք մը, թէ Իսրայէլ կրնայ ինքնագլուխ կերպով գործել, եւ ծանր հետեւանքներ պիտի ըլլան, եթէ Պէյրութ շարունակէ Հըզպալլայի զինաթափման մէջ տատամսիլ: Այս սպառնալիքը...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

- ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ անօդաչու թռչող սարք մը հարաւային Լիբանանի մէջ Թուլի ճամբուն վրայ ինքնաշարժ մը հարուածեց: Արձանագրուեցան երկու զոհեր եւ երկու վիրաւորներ: - ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ` «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Ամերիկացի պատուիրակ Մորկըն Օրթէյկըս պիտի նախագահէ մեքանիզմի յանձնախումբի ժողովին եւ պիտի շեշտէ անհրաժեշտութիւնը, որ Լիբանան գործադրէ զինադադարի որոշումը` Հըզպալլայի Լիթանիի հարաւէն հեռացումով, իր բոլոր զէնքերը յանձնելով եւ գործունէութիւնը դադրեցնելով` խուսափելու համար իսրայէլեան զինուորական քայլէ մը»:...

Նախագահ Աուն. «Սփիւռքը Իրաւունք Ունի Երկրի Բնակիչ Լիբանանցիներուն Հետ Քուէատուփի Միջոցով Քաղաքական Որոշումներու Կայացման Գործին Մէջ Գործընկերային Դեր Ունենալու»

Նախագահ Աուն. «Սփիւռքը Իրաւունք Ունի Երկրի Բնակիչ Լիբանանցիներուն Հետ Քուէատուփի Միջոցով Քաղաքական Որոշումներու Կայացման Գործին Մէջ Գործընկերային Դեր Ունենալու»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն արտերկրի լիբանանցիներու քուէարկութեան առնչուող օրինագիծը ստորագրած երեսփոխաններէն պատուիրակութիւն մը ընդունելով յայտարարեց, որ սփիւռքը իրաւունք ունի երկրի բնակիչ լիբանանցիներուն հետ քուէատուփի միջոցով քաղաքական որոշումներու կայացման մէջ գործընկերային դեր ունենալու: Աուն շեշտեց, որ ինք այս ծիրին մէջ կը կառչի երկու սկզբունքներու, որոնք են` խորհրդարանական ընտրութիւնները իրենց ժամկէտին կատարել ու որեւէ պատրուակով չյետաձգել, ինչպէս նաեւ ընտրութիւններուն սփիւռքի մասնակցութեան անհրաժեշտութիւնը...

Ռայի Պատրիարք. «Աստուած Միշտ Մեզի Հետ Կը Խօսի, Եւ Այս Օրերուն Մեզի Հետ Կը Խօսի Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի Ճամբով»

Ռայի Պատրիարք. «Աստուած Միշտ Մեզի Հետ Կը Խօսի, Եւ Այս Օրերուն Մեզի Հետ Կը Խօսի Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի Ճամբով»

Մարոնիներու Ռայի պատրիարքը Հռոմի մէջ Լիբանանի դեսպան Քարլա Ժազզարի եւ Վատիկանի մէջ Լիբանանի դեսպան Ֆատի Ասսաֆի Իտալիոյ մէջ Լիբանանի դեսպանատան մէջ Իգնատիոս արք. Մալոյեանի սրբադասման ծիրին մէջ հրաւիրած հանդիպումի ծիրին մէջ յայտնեց.  «Աստուած միշտ մեզի հետ կը խօսի, եւ այսօր մեզի հետ կը խօսի Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի ճամբով»: Ան հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունին շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի համար անոր ամբողջ կատարածին...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Պարրաք. «Լիբանան Պէտք Է Իր Խնդիրները Ինք Լուծէ Եւ Իր Գերիշխանութեան Վերատիրանայ»

Ամերիկացի պատուիրակ Թամ Պարրաք նշեց. «23 հոկտեմբեր 1983-ին 241 ամերիկացի նաւազներ ու զինուորներ, 58 ֆրանսացի զինուորներ եւ վեց լիբանանցի քաղաքայիններ սպաննուեցան, երբ մահապարտ մը Պէյրութի մէջ նաւազներու զօրանոցը պայթեցուց»: Ան նշեց, որ ատիկա «արտասահմանի մէջ ամերիկացիներու դէմ ամէնէն արիւնալի յարձակումներէն մէկն էր»: «Մենք կը յարգենք անոնց յիշատակը: Լիբանան պէտք է իր խնդիրները ինք լուծէ եւ իր գերիշխանութեան վերատիրանայ», նշեց Պարրաք`...

Պայրագտարեան Ընդունեց Շահէ Պարսումեանը

Պայրագտարեան Ընդունեց Շահէ Պարսումեանը

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան երէկ իր գրասենեակին մէջ ընդունեց նախկին նախարար Շահէ Պարսումեանը: Բարեկամական այցելութեան ընթացքին խորհրդակցութիւն կատարուեցաւ բազմազան նիւթերու շուրջ: Պարսումեան շնորհաւորեց նախարարը իր թափած ջանքերուն եւ գործադրած իւրայատուկ ձեռնարկներուն համար` յաջողութիւն մաղթելով անոր ապագայ ծրագիրներու գործադրութեան մէջ:

Page 81 of 986 1 … 80 81 82 … 986

Արխիւներ