Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Իզզէտտին յայտնեց. «Լիբանան շարունակուող մարտահրաւէրներ ու սպառնալիքներ կը դիմագրաւէ` իսրայէլեան յարձակումներու շարունակման պատճառով»:
«Անհրաժեշտ է միաւորել բոլոր լիբանանցիները այս վտանգներուն դէմ, որոնք հայրենիքի բոլոր բաղադրիչներուն վրայ կ՛ազդեն», շեշտեց երեսփոխանը:
«Ազգային փոխադարձ հասկացողութիւնը ուժի երեսներէն մէկն է, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ունեցած կարողութիւնները դիմադրութեան եւ համախմբուածութեան երեսներէն են, նոյնպիսին են ապահովական ուժերն ու լիբանանեան հայրենասէր բանակը: Ասոնք բոլորն ալ, որոնք այս յարձակումները եւ գերիշխանութեան ոտնահարումները մերժող քաղաքական միացեալ դիրքորոշում ունին, Լիբանանը կը զօրացնեն այս դժուարութիւններուն եւ բոլոր մարտահրաւէրներուն ու իսրայէլեան յարձակումներուն դիմաց», ըսաւ ան:
«Դիմադրութիւնը պիտի գոյատեւէ եւ շարունակուի, պիտի կատարէ իր դերն ու իրաւունքը: Այս ժողովուրդը պաշտպանութեան մակարդակի վրայ բանակին եւ միւս ուժերուն որեւէ բան կատարելու անկարողութեան լոյսին տակ, իրաւունք ունի ինքզինք պաշտպանելու, եւ ատիկա մարդու իրաւունքներուն պարզագոյնն է, եւ ոեւէ մէկէն, ո՛չ կառավարութենէն, ո՛չ պետութենէն, ո՛չ ՄԱԿ-էն, ո՛չ խորհուրդէ կամ որեւէ կողմէ արտօնութեան կարիք չունի», նշեց Իզզէտտին:


