Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան երէկ իր գրասենեակին մէջ ընդունեց նախկին նախարար Շահէ Պարսումեանը:
Բարեկամական այցելութեան ընթացքին խորհրդակցութիւն կատարուեցաւ բազմազան նիւթերու շուրջ:
Պարսումեան շնորհաւորեց նախարարը իր թափած ջանքերուն եւ գործադրած իւրայատուկ ձեռնարկներուն համար` յաջողութիւն մաղթելով անոր ապագայ ծրագիրներու գործադրութեան մէջ: