Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Հոկտեմբեր 24, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

– «ՏԻԱՐ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ ըստ ոչ պաշտօնական տեղեկութիւններու, ամերիկացի պատուիրակ Թամըս Պարրաք կը պատրաստուի Լիբանան վերադառնալ եւ Պէյրութ պիտի հասնի 7 նոյեմբերին:

– ԷՄԻՐԱԹԱԿԱՆ «Խալիժ» օրաթերթ. «Ամերիկացի պատուիրակ Թամըս Պարրաքի խօսքը կը պարունակէ Լիբանանի նկատմամբ տողատակի սպառնալիք մը, թէ Իսրայէլ կրնայ ինքնագլուխ կերպով գործել, եւ ծանր հետեւանքներ պիտի ըլլան, եթէ Պէյրութ շարունակէ Հըզպալլայի զինաթափման մէջ տատամսիլ: Այս սպառնալիքը կը նշանակէ, թէ Միացեալ Նահանգներ Իսրայէլի` Լիբանանի մէջ լայնածաւալ զինուորական գործողութիւն կատարելուն մէջ արգելք մը չեն տեսներ»:

– ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Ամերիկեան դիւանագիտութեան կեցուածքները վերյիշեցուցին Հըզպալլան վերահսկողութեան տակ չառնելու եւ շատ արագ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի կէտերու յարգման չվերադառնալու հետեւանքներուն մասին այն զգուշացումները, որոնք Կազային թիկունք կանգնելու պատերազմի ամբողջ ընթացքին ամերիկացի պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայնը Պէյրութին կը փոխանցէր»:

– ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Իշխանութեան երեք պետերը մեծ մտավախութիւններ ունին Ուաշինկթընի կիրարկած հետզհետէ աճող դիւանագիտական ճնշումներուն հետեւանքով»:

– ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Ասաս Միտիա»-ին.  «Ամերիկացի պատուիրակ Պարրաքի եւ իշխանութեան երեք պետերուն միջեւ Իսրայէլի հետ բանակցութեան վերաբերեալ բանակցութիւնները նախապէս մեծ ճամբայ կտրած էին, սակայն Պէյրութ անակնկալի մատնուեցաւ Լիբանանը Շարմ Շէյխի վեհաժողովէն ամբողջովին մեկուսացնելու պատկերէն, ուստի նախագահ Աուն յիշեցուց, թէ Լիբանան կ՛ընդունի Իսրայէլի հետ բանակցիլ, որմէ ետք ալ խորհրդարանի նախագահ Պըրրի Իսրայէլի մերժման պատճառով այդ բանակցութիւններուն տապալումը յայտարարեց»:

– ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Ամերիկացի պատուիրակ Պարրաքի յայտարարութիւնները անակնկալ չէին: Շատեր չգիտակցեցան, թէ անոնք միայն անձնական կեցուածք չեն, այլ ամերիկեան վարչակազմէն յստակ ցուցմունքով կատարուած են»:

– «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթը կը գրէ. «Պաապտայի պալատը անօդաչու թռչող սարքերու վերջին օրերու շարժումներուն վերաբերեալ եւ Լիբանանի դէմ պատրաստուողին մասին հարցնելու համար կապ հաստատեց «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբին հետ, սակայն տակաւին որեւէ պատասխան չստացաւ»:

– ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Լիբանան այսօր նոր ու նախկին փուլերէն տարբեր իրողութեան առջեւ է, եւ բանակցութիւնները, որոնք ըսուեցան, թէ սկսան հանրապետութեան նախագահի Նիւ Եորքի մէջ կատարած առաջարկէն ետք, ճիշդ չեն, ընդհակառակն` Լիբանանը Իսրայէլի հետ բանակցութիւններու մղելու ամերիկեան լուրջ մօտեցում գոյութիւն ունի»:

– ԱՂԲԻՒՐ մը «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին. «Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի կը պնդէ խորհրդարանական ընտրութիւնները իրենց ժամկէտին կատարելու վրայ: Ան կ՛ըսէ թէ խորհրդարանի նստաշրջանը երկարաձգելն ու ընտրութիւններու յետաձգումը բացառուած են, եւ զանոնք ուզողը պէտք է լիբանանցիներուն ու միջազգային ընտանիքին առջեւ պատասխանատուութիւն ստանձնէ եւ ոչ թէ այդ պատասխանատուութիւնը շիի երկեակին ուսերուն նետէ»:

– ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նաուաֆ Սալամ ընդունեց երեսփոխան Ղասսան Սքաֆը, որ հանդիպումէն ետք յայտարարեց. «Քննարկեցինք առաջարկը խորհրդարանական ընտրութիւնները 15 յուլիսին յետաձգելու, որպէսզի արտերկրի լիբանանցիները առիթ ունենան քուէարկութեան մասնակցելու համար Լիբանան գալու, մանաւանդ որ հորիզոնի վրայ կ՛երեւի կարգաւորում մը` ջնջելու արտասահմանի մէջ 6 երեսփոխանները, եւ արտերկրի լիբանանցիները արտասահմանի մէջ իրենց գտնուած վայրերուն մէջ քուէարկեն 128 երեսփոխաններու»:

– ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ դրամական ֆոնտէն աղբիւրներ «Ասաս Միտիա»-ին. «Ֆոնտը մեծապէս կը գնահատէ ելեւմուտքի նախարար Ժապերի դերակատարութիւնն ու անոր կ՛աջակցի, մանաւանդ որ «բարեկարգումներուն ընդդիմացող ելեւմտական խումբին» ջանքերուն դիմաց «կառավարական բարեկարգչական խումբ»-ին թափած ջանքերուն ծաւալին կը գիտակցի»:

– ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նաուաֆ Սալամ. «Հըզպալլան զինաթափուելէն ետք պէտք է միայն քաղաքական կուսակցութիւն ըլլայ եւ պէտք է հրաժարի իր զինուորական թեւէն»:

– ՃԻՒՆԻԻ քաղաքապետ Ֆայսալ Աֆրամ «Սաութ Լուպնան» ձայնասփիւռի կայանին. «Ճիւնիի մայրուղիի ընդլայնման աշխատանքը պիտի տեւէ 30 ամիս, եւ պիտի որդեգրենք շարք մը այլընտրանքային ծրագիրներ, ինչպէս` «զոյգ եւ անզոյգ» սկզբունքի կիրարկումը»:

– «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Կեդրոնական դրամատունը տարին երկու անգամ հրապարակուող տնտեսական զեկուցումին մէջ յայտնած է, թէ թիւ 158 եւ թիւ 166 շրջաբերականներու գործադրութեան սկիզբէն ի վեր դրամատուներուն մէջ պահ դրուած գումարներ ունեցողներուն 2019 թուականի վերջաւորութեան ելեւմտական տագնապի սկիզբէն ետք սահմանափակումներու ենթարկուած սառեցուած օտար դրամանիշերու շուրջ 4,1 միլիառ տոլար վճարուած է:

– ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւր մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Իսրայէլ խուսանաւում կը կատարէ, սակայն չի խաղար. անոր շարժումի թայմինկը, վայրն ու բնոյթը բոլորն ալ կը վկայեն, թէ պատգամները թարգմանութեան չեն կարօտիր, այլ` կարդացուելու: Գոյութիւն ունին երկու կարելիութիւններ` խաղաքարտերը վերստին խառնող լայնածաւալ պատերազմ կամ թիրախներու ընդարձակ ցուցակի հիմամբ տեղայնացուած հարուածներ»:

– ՀԱՒԱՍՏԻ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Եւրոպական դիւանագիտական կողմեր վերջին ժամերուն մասնակից դարձան չյայտարարուած հաղորդակցութիւններուն: Անոնք կապ հաստատեցին բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ եւ ծանօթացան Լիբանանի ճակատին վրայ քաղաքական լուծումի հաւանականութեան շուրջ տեսակէտներուն»:

– ԼԻԲԱՆԱՆԻ եւ Սուրիոյ միջեւ յարաբերութիւններու զարգացումներուն հետեւող աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Կը նախատեսուէր, որ ժողովը Դամասկոսի մէջ գումարուէր, սակայն սուրիական կողմը Պէյրութի հետ կապ հաստատելով փոխանցեց, թէ ժողովը վերջինիս մօտ կը տեղափոխուի` անյայտ պատճառներով, հակառակ տուեալներու, թէ պատճառը «ապահովական բնոյթ»-ի է»:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Քպէյսի. «Պետութեան Պատասխանատուութիւնը Լիբանանը Յարձակումներէն Պաշտպանելն Է, Եւ Ոչ Թէ` Թշնամիներուն Պայմանները Կրկնելը»

RelatedPosts

Ձմեռնային Ժամանակացոյց
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

Հոկտեմբեր 25, 2025
Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին.  Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է  Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին. Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ
Լիբանանեան

Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?